image

«Զարեհեան» Դպրեվանքի Սաներու Աղօթքի Արարողութիւնը Արցախի Համար

«Զարեհեան» Դպրեվանքի Սաներու Աղօթքի Արարողութիւնը Արցախի Համար

Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2016-ի վաղ առաւօտուն, Սուրբ Աստուածածին Վանքի Սրբոց Նահատակաց Խորանին առջեւ, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած, վասն բազում յաղթանակներու Հայոց քաջարի Բանակին, ի զօրակցութիւն անոր արիասիրտ զինուորներուն, ի հանգիստ յաղթական նահատակներուն եւ ի խաղաղութիւն Ղարաբաղի արիասիրտ ժողովուրդին։ Արարողութիւնը գլխաւորեց Դպրեվանքի Տեսչութիւնը եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Ընծայարանի եւ Ժառանգաւորացի ուսանողները։ «Տէրունական աղօթք»ը հաւաքական արտասանելէ, խաղաղութեան երգը՝ «Փառք ի բարձունս»ը եւ ապա՝ «Տէր ողորմեա»ն երգելէ ետք, Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ուսանողներուն։ Հայր Սուրբը խօսեցաւ Ղարաբաղի նուիրականութեան մասին, եւ յիշեցուց անոր պաշտպանութեան համար մեր ազգին վճարած սուղ գինին մասին։ Ապա, Հայոց Բանակին մասին անդրադառնալով ըսաւ. «Հայոց Բանակը Աստուծոյ բանակն է, որովհետեւ անոր գոյութիւնը երաշխիքն Աստուծոյ ժողովուրդին՝ մեր ազգի պաշտպանութեան։ Հայոց բանակը գերագոյն պահապանն է Հայրենիքի հոգեւոր ու ազգային մեր բոլոր սրբութիւններուն։ Որպէս դպրեվանեցիներ մենք տալիք ունինք մեր Բանակին, բարոյական պարտաւորութիւն ունինք անոր նկատմամբ, որ է առօրեայ դրութեամբ աղօթել անոր անսասանութեան համար»։ Դպրեվանքէն ներս, աղօթքի ժամերուն թէ՛ դասապահերուն, եւ բոլոր ձեռնարկներուն ու առիթներուն, մեր Հայրենիքը իր անբաժան Ղարաբաղով մնայուն ներկայութիւն է։ Ուսանողները Հայրենիքով կ'ապրին ու զայն կ'ապրեցնեն իրենց կեանքին մէջ։