Մեր մայրենի, մեր հրածին ասուն սիրտը Լիբանանի,
Մեր փառահեղ, հրաշալի կանոնագիրը ցանկալի,
Մեր երկնաձիր ուժը խոհուն, լուսասփիւռը վեհ բարձրեալին,
Բարոյալից հոգւով զեղուն՝ Մայր Տաճարըն Անթիլիասի։
Մեծի Տանն յաղթ Կիլիկիոյ՝ բիւրեղալի բո՛ցը այժմեան,
Արիւնի դէմ՝ ծնար սիրոյ խոր արմատներ արարատեան,
Ուր քու որբերըդ մահամերձ՝ եղան ժառանգ, մէյ մէկ մատեան,
Որ ճախրանքի թեւեր առնեն, հոգիները ողջ հայութեան։
Օրհնեալ Աջով Լուսաւորչի՝ սփիւռքահայ զանգ մշտահունչ,
Բիւրաւորներ կը ծարաւին քու մեռոնին, ամէն մի շունչ.
Խնկարկելով մեր խոց սրտեր, շնորհելով լոյս ու ողջոյն՝
Դուն կը մնաս մեր կեանքն անմեռ, մեր ոսկեզօծ տունը կանգուն։
Ու ես՝ որպէս վանկ բերկրալիր քու երկնասլաց աղօթքներուն,
Իմ մղձաւանջ, արբած հոգիս՝ քու լոյս սրտին մէջ կը թողում,
Քու կենարար անբիծ սրտին, մէջն երկնամե՛րձ գագաթներուն,
Որ ապրի սէրը քու բերքին, եւ տայ հաղորդ քաղցած հայուն։
ԿԱՅԼԱԿ
«Սէր Ու Կրակ» գիրքէն
(Յունուար 16, 2012)