image

Յոյսի աշխարհը

Յոյսի աշխարհը

Սիրելի՛ յո՛յս, կը զարմանամ ես ինքս ինծի, երբ կը փորձեմ գտնել հասցէդ, մինչ դուն ներկայ ես ամէն տեղ ու ամէնքիս մէջ: Դուն առկայ ես Տիրոջ խորանին առջեւ պլպլացող մոմին մէջ, դուն կը յորդիս  գորովագութ մօր արցունքներուն ընդմէջէն, դուն կը փայլիս կարօտակէզ սիրուհիին աչքերուն մէջ, դուն կ՚ուրճանաս որբին պատառ մը հացին հետ, դուն մարտիկին վէրքերը կենդանացնող յարալէզն ես, դուն ծնրադիր ծերունիին մրմնջացող աղօթքն ես, դուն ապառաժեայ վէմն ես անարդարօրէն տեղահանուածին, տնանկին, անօթիին, անկեալին:

Կարեվէր յո՛յս, այսօր, ես ալ, նման բոլորին եւ որեւէ ժամանակէ աւելի կարիքը ունիմ քու ներկայութեանդ ու նեցուկիդ: Կ՚ուզեմ, որ զիս գրկես, ու ես ինծի զգամ գթառատ մօր մը գիրկին մէջ ննջող մանուկին նման, որ իր խոր քունին մէջ անսանձ կը ժպտի ու ոսկեթել երազներ կը հիւսէ: Կը խնդրեմ, որ ամրօրէն  փաթթուիս ինծի, ու ես զօրանամ քու պարգեւած ապահովութեամբդ: Կը հայցեմ, որ փարատես կասկածներս ու ազատագրես զիս անորոշութեան որոգայթներէն: Կ՚աղաչեմ յոյս, որ զիս օրհնութենէդ  չզրկես ու զիս երբեք չլքես:

 

Տակաւին քանի մը օր առաջ, կամայ հրաժեշտ տուինք հին տարուան, որ ըստ իր արձանագրած դէպքերուն, ան  թերացած էր գոհացնել մեզի իր պատճառած անհամար դժբախտութիւններով, հիւթած պատերազմներով, բնութեան աղէտներով, սփռած սուգ ու աւերով, անարդարութեան ծառայելով...: Վերջապէս ժամանակը հասած էր, որ հին տարին ջաղացքի քարին յանձնելով նետէինք ծովուն յատակը եւ կամ փոշոտած գորգի մը նման թօթուէինք ու հեռուն շպրտէինք:

Հինը փոխարինող՝ նոր տարին, դիմաւորեցինք ամենայն ոգեւորութեամբ, խինդով ու շողշողուն ժպիտներով: Աչք շլացնող լոյսերու, գունաւոր  ժանեակներու ու պսպղուն տօնածառերու հովանիին ներքոյ գրկեցինք զայն եւ ջերմ շնորհաւորանքներով, համբոյրներով ու  բարեմաղթութիւններով ողողեցինք  մեր սեղանակից սիրելիները. իսկ մեր հեռաւոր հարազատներուն ու բարեկամներուն մեր սիրտի խօսքը հասցուցինք, օգտուելով հաղորդակցութեան այլազան միջոցներէն:

Մեր մտապատկերին մէջ նմանցուցինք նոր տարին անմեղ նորածինի մը, որուն երջանկաբեր ժամանումը եւ յուսադրող էութիւնը կը լիացնէ իր ընտանիքը գորովալից սիրով ու խանդաղատանքով:

Յուսացինք, որ նոր տարին ըլլայ կախարդական  փոխադրակառք մը եւ առաքէ լաւագոյնն ու անհրաժեշտը, ըստ անհատներու ցանկութեան ու կարիքներուն։

Մաղթեցինք, որ ժամանող տարուան օրերը նմանին կատարելութենէ ծնունդ առած գեղեցկուհիի մը՝ համակուած երեք հարիւր վաթսունհինգ փայլուն  շղարշներով:

Խնդրեցինք Աստուծմէ  կենարար տարի մը, հիւանդներուն համար  սպեղանի բերող, իսկ մահամերձին՝ հրաշք ու յոյս։

Աղաչեցինք, որ տարին իր երկնակամարին վրայ գրկէ խաղաղութեան սպիտակ աղաւնիներ ու արդարութիւնը յաղթէ չարին, բռնակալին, արիւնարբու ռազմասէրներուն, անյագ վաշխառուներուն...:

Աղօթեցինք, որ այս տարին իղձերն ու վարդագոյն երազանքները իրականացնէ, մենաւորին շնորհէ սիրոյ թելերով հիւսուած պսակ, անտէրին՝ անկեղծ հոգեկից, տանջուածին՝ բարի կարեկից:

Մեր անթիւ ու անհամար մաղթանքները տեղադրեցինք «հրեղէն կառքեր»ու մէջ եւ ամրացուցինք հրեշտակներու թեւերուն, որպէսզի սլանան դէպի «յոյսի աշխարհ»ը:

Մենք չենք գիտեր, թէ «յոյսի աշխարհ»ը ճիշդ ուր է, անհնար է անոր աշխարհագրական դիրքը կռահելը: Նաեւ անծանօթ են մեզի յոյսին ինքնութիւնն ու ծնողները, քիմիական  բաղադրութիւնը, տեսքը, գոյնը, կամ ձեւը...: Հակառակ այս բոլոր տեղեկութիւններու բացակայութեան, մենք  կ՚ըմբռնենք յոյսը իր առեղծուածային խորհուրդով, կը կառչինք անոր թեւերուն, ինչպէս մեր մտապատկերէն ծնունդ առած սիրեկանի մը, որուն «անիրական ներկայութիւն»ը կ՚ոգեւորէ  ու կ՚երջանկացնէ մեզի:

Կը հաւատանք, որ յոյսը մերթ դեղատոմս մըն է, որ ամէն ցաւիդ համար ունի բուժիչ բալասան, մերթ լոյսի շող մըն է, որ հոգւոյդ խաւարը կը փարատէ եւ մերթ անմեղ երազ մըն է, որ ներաշխարհդ խինդով կ՚ոռոգէ։ Ան հոգիիդ երկուորեակն է, որ վիշտերդ կ՚ամոքէ, մղիչ  խթան կը դառնայ, երբ յոգնաբեկ  նեարդներդ կը մեղկանան: Ան փշուրներդ կը հաւաքէ եւ կը վերականգնէ խորտակուած կերպարդ: Շռայլ ու խրախուսիչ խօսքերով թիկունքդ կ՚ամրացնէ: Մռայլ երկնակամարիդ վրայ կապոյտ հորիզոններ կը գծէ ու կը փոխադրէ քեզի դէպի երանութեան երկինքները:

Սիրելի՛ յո՛յս, կը զարմանամ ես ինքս ինծի, երբ կը փորձեմ գտնել հասցէդ, մինչ դուն ներկայ ես ամէն տեղ ու ամէնքիս մէջ: Դուն առկայ ես Տիրոջ խորանին առջեւ պլպլացող մոմին մէջ, դուն կը յորդիս  գորովագութ մօր արցունքներուն ընդմէջէն, դուն կը փայլիս կարօտակէզ սիրուհիին աչքերուն մէջ, դուն կ՚ուրճանաս որբին պատառ մը հացին հետ, դուն մարտիկին վէրքերը կենդանացնող յարալէզն ես, դուն ծնրադիր ծերունիին մրմնջացող աղօթքն ես, դուն ապառաժեայ վէմն ես անարդարօրէն տեղահանուածին, տնանկին, անօթիին, անկեալին:

Կարեվէր յո՛յս, այսօր, ես ալ, նման բոլորին եւ որեւէ ժամանակէ աւելի կարիքը ունիմ քու ներկայութեանդ ու նեցուկիդ: Կ՚ուզեմ, որ զիս գրկես, ու ես ինծի զգամ գթառատ մօր մը գիրկին մէջ ննջող մանուկին նման, որ իր խոր քունին մէջ անսանձ կը ժպտի ու ոսկեթել երազներ կը հիւսէ: Կը խնդրեմ, որ ամրօրէն  փաթթուիս ինծի, ու ես զօրանամ քու պարգեւած ապահովութեամբդ: Կը հայցեմ, որ փարատես կասկածներս ու ազատագրես զիս անորոշութեան որոգայթներէն: Կ՚աղաչեմ յոյս, որ զիս օրհնութենէդ  չզրկես ու զիս երբեք չլքես:

«Պայքար»

19 Յուն. 2025

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...