Յոյն հոգեւորականները մէկ շաբաթուան ընթացքին օրական երեք վայրկեան պիտի հնչեցնեն եկեղեցւոյ զանգերը՝ ի նշան բողոքի երկրին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած սեռային փոփոխութիւնը «օրինականացնող» օրէնքին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «The Associated Press»-ը, հոգեւորականները՝ Կալավրիթայի Ամվրոզիոս եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, որոշած են, որ կիրակի օրուընէ սկսեալ մինչեւ շաբաթ ամէն օր կէսօրին 3 վայրկեան տեւողութեամբ պիտի խփեն եկեղեցւոյ զանգերը երկրի արեւմտեան շրջանին մէջ:
Հոգեւորականները կոչ ըրած են չեղարկել «հակաքրիստոնէական» եւ «հակայունական» օրէնքը:
Խորհրդարանի ընդունած օրէնքը յոյներուն թոյլ կու տայ 15 տարեկանէն սկսած սեռափոխութիւն իրականացնել փաստաթուղթերու մէջ՝ հեշտացուած դատական ընթացակարգի արդիւնքով: