Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝
Յուլիսը ինծի համար հայ հերոսներու ամիս է։
Այստեղ նկարուած եմ մեծ գրող, արեւմտահայ գրականութեան, բայց մանաւանդ արդի հայ բանաստեղծութեան հսկաներէն Մուշեղ Իշխանի (ճենտերեճեան) հետ՝ ԼԱ-ի մէջ։
Առիթը հայկական վարժարանի մը ամավերջի հանդէսն էր, ուր ինքը հրաւիրուած էր որպէս հիւր։ Ան իր կենսագրութեամբ եւ գրական արտադրանքով դրօշմուած է գիտակցութեանս մէջ որպէս հերոս մը, նաեւ այն պատճառին համար որ ան ներկայացուցիչներէն եղաւ այն հայ մարդոց որոնք որբութենէ դուրս եկան, եւ ընտրեցին ոչ միայն իրենց սեփական կեանքերը հարստացնել (իսկ Պրն. Մուշեղին համար սեփական կեանքի մէջ նիւթական ճոխութիւն ստեղծելը նպատակ անգամ չ՚եղաւ), այլ իրենց ստեղծած գրական հարստութեամբ եւ նաեւ ուսուցչական ասպարէզի ճամբով սերունդներու կեանքերը հարստացուցին, եւ պիտի շարունակեն հարստացնել իրենց գործերուն ընդմէջէն։ Ափսոս որ պատեհութիւններ չ՚ունեցայ իր հետ զրուցելու եւ իրմէ հաղորդուելու, երբ կարելութիւնները կային։ Պարզ, շատ պարզ մարդ մըն էր, իր գրականութիւնը զարմացնելու կամ ցնցելու ոչ մէկ միտում ունէր իր մէջ, այլ հարազատ կերպով ներկայացնելու, փոխանցելու ներաշխարհ մը որ ակամայ կ՚եզրակացնեմ որ շատ անանձնական էր։ Եւ հիմա կը մտածեմ, օրինակ, թէ անոր «Տարօրինակ Մարդ Արարած»ը ինչպէ ՞ս պիտի ազդուէր եթէ ան զայն գրած ըլլար մեր այսօրուան միջավայրի ազդեցութիւններուն մէջ...