Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը թիրախաւորելու մասին։ Այս մասին յայտնած է IRNA-ն։
Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յայտնած է նաեւ, որ թիրախաւորուած է այն վայրը, ուր գտնուած է Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու հրամանատար Թոմեր Պարին։
«Յանցաւոր սիոնիստական վարչակարգի վարչապետի գրասենեակը եւ այդ վարչակարգի բանակի ռազմաօդային ուժերու հրամանատարի գտնուելու վայրը թիրախաւորուած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած հարուածներու տասներորդ ալիքի ընթացքին՝ Kheibar հրթիռներով նպատակային եւ անսպասելի յարձակումներու ժամանակ»,- մէջբերած է Tasnim գործակալութիւնը յայտարարութեան բնագիրը:
«Սիոնիստական վարչակարգի վարչապետի ճակատագիրը կը մնայ անյայտ»,- աւելցուցած են Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդէն։
Իսրայէլեալ լրատուամիջոցներու մէջ այս մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդուած։