Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Հայաստանի ինը տասներորդի կորուստը դժբախտաբար հայոց ողբերգական պատմութեան առանձին արարները չեն․ անոնք շղթայական կապի մէջ են թէ՛ նախորդած, թէ՛ յաջորդած անցքերուն հետ, որոնք բոլորն ալ կը յանգեցնեն Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի անիրագործելիութեան դատավճիռին եւ ազգի մնացորդացի անճրկումին։
Ապրիլի 24-ը սգացող ազգն իր բովանդակ կարողականութեամբ պէտք է բաժնէ եւ պահանջէ քաղաքական գնահատականի գաղափարը, մասնակից ըլլայ անոր փաստարկման եւ եզրայանգումին, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր դարագլուխի սկիզբ դնել, հիմնական դերակատար ունենալով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ինքնաճանաչ եւ ինքնաբաւ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ։
Կը նշենք 108-րդ տարելիցը Հայոց ցեղասպանութեան, Մեծ Եղեռնին։ 108 տարի առաջ սկսաւ Հայաստանի մեծագոյն մասին ապահայացումը, հայազերծումը։ Թերեւս հայեր գոյատեւեցին մեր պատմական հայրենիքի մեծագոյն մասին մէջ, սակայն մեծ հաշուով ապահայացաւ այն, որովհետեւ չքացաւ լեզուն, մշակոյթը, կրթութիւնը, իր հետ քշել-տանելով քաղաքական տեսլականը։
Հարիւրտասներկու տարի առաջ, 1905-ին, հայ-թաթարական կռիւները հրահրելով եւ փորփոքելով, այն օրերու Ռուսահայաստանի մէջ փորձուեցաւ հայազերծումը, ապահայացումը։ Չմոռնանք, որ 19-րդ դարու վերջին քառորդին ցարերը սկսան փորձել հայապահպան մայր երակը՝ հայկական ծխական կրթութեան երակը կտրել Ռուսական կայսրութեան սահմաններու հայաբնակ նահանգներուն, գաւառներուն մէջ։ Նոյն քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ 20-րդ դարու սկիզբ՝ երբ տապարի հարուած մըն ալ փորձեցին տալ այս անգամ Հայ եկեղեցուն, փորձելով գրաւել եւ տնօրինել անոր կալուածները։
Այս հակիրճ անդրադարձին մէջ պիտի չխօսինք հայկական դիմադրութիւնը՝ զինուած պաշտպանութիւնը ձախողելու ռուս եւ թուրք կայսրութիւններու համակամութեան մասին։ Մեր թիրախը ատ չէ։ Մեր թիրախը խաղաղ հայ բնակչութեան, հայ դպրոցին ու ընդհանրապէս հայկական վերապրումի խաղաղ բոլոր միջոցներուն հանդէպ մեծապետական հալածանքն է, որ հայ ազգային կուսակցութիւններու ծնունդէն առաջ գոյառած է, զոր անոնք ժառանգած են եւ պայքարած անոր դէմ։
Մենք կը փորձենք հրաւիրել մեր ազգի բոլոր քաղաքական հոսանքները եւ կառոյցները, մեր անցած աւելի քան 150 տարին հանգրուաններու բաժնելու եւ պատշաճ քաղաքական գնահատական տալու անոնց իւրաքանչիւրին եւ համագումարին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ՄԻԱՍԻ՛Ն յառաջ ընթանալ։
Հաւանական է հարիւր կամ աւելի տարի առաջ ու անկէ ետք տարբեր հոսանքներ կամ կառոյցներ քաղաքական գնահատական տուած են նախորդած ժամանակահատուածներու անցուդարձերուն։ Անոնք այսօր արժէք պիտի ներկայացնէին եթէ երբեք՝ առաջին, հանրութեան յիշողութեան մէջ մնացած ըլլային, երկրորդ՝ անոնց հիման վրայ առաջ շարժած ըլլայինք եւ բացառած՝ օրինակ, արիւնոտ ցեղասպանութեան կրկնութեան, պետականութեան կորուստի վտանգը, Արցախի հանրապետութեան 120 հազար հայութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երեք միլիոնը իրարու հակադրելու եւ անոնցմէ մին նախընտրելու տխմար երկընտրանքը։
Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Հայաստանի ինը տասներորդի կորուստը դժբախտաբար հայոց ողբերգական պատմութեան առանձին արարները չեն․ անոնք շղթայական կապի մէջ են թէ՛ նախորդած, թէ՛ յաջորդած անցքերուն հետ, որոնք բոլորն ալ կը յանգեցնեն Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի անիրագործելիութեան դատավճիռին եւ ազգի մնացորդացի անճրկումին։
Ապրիլի 24-ը սգացող ազգն իր բովանդակ կարողականութեամբ պէտք է բաժնէ եւ պահանջէ քաղաքական գնահատականի գաղափարը, մասնակից ըլլայ անոր փաստարկման եւ եզրայանգումին, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր դարագլուխի սկիզբ դնել, հիմնական դերակատար ունենալով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ինքնաճանաչ եւ ինքնաբաւ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ։
Արդարեւ, հակառակ ազգի անցած փշոտ ու արիւնոտ ելե- ւէջներու տաժանքին, 1915-էն առաջ թէ անկէ ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան համրուած օրերուն, խորհրդային եւ յետխորհրդային աւելի քան հարիւր տարիներուն, Հայաստանի քաղաքացի չթրծուեցաւ, չկոփուեցաւ։ Մենք այսօր ունինք Սոդոմ-Գոմորի, այլասերած խառնիճաղանճի քաղաքացիներ, որոնք նիկոլփաշինեաններ կրնան իշխանութեան կոչել եւ թողուլ զանոնք իրենց շահուն եւ կամքին համաձայն տնօրինել երկիրը կամ պետութիւնը, ստել, անպատիժ դաւաճանել, երկիր ու ժողովուրդ դատապարտել դանդաղ մահուան, այլընտրանք ցոյց տալով արագ մահը...
Քիչ վեր ըսինք՝ օղակ առ օղակ, շղթայական կապ կայ այսօրուան, երէկուան, առջի եւ նախառջի օրուան եւ նախոր- դած դարերուն միջեւ. գիտութեան համաձայն՝ ոչինչ դատարկութենէն կը յառաջանայ եւ ոչինչ անհետ կը կորսուի, այլ ամէն ինչ կը փոխակերպուի։
Անընդհատ փոխակերպուող իրավիճակներուն տոկացող Հայաստանի քաղաքացիի խմորը բացառապէս նորահաս սերունդը կրնայ ըլլալ, որուն աճը եւ ուրոյն, ազգային հեռանկարային նկարագիրը կերտելու նախապայմաններէն մին է համընդհանուր քաղաքական գնահատականը, առանց տաբուներու առջեւ կանգ առնելու, ժամանակաւորը շփոթելու յաւերժականին հետ։
Յաւերժականը քաղաքակրթական դեր ունեցող Հայաս- տանի վերականգնումն է։ Հազարամեակներու ազգային դառը փորձը կը հրահանգէ, այլընտրանք չի ձգեր։ Քաղաքակրթական իր առաքելութեան տէր Հայաստանն է ատակ վերապրելու, զարգանալու, ներգործելու եւ բարձրանալու։ Վաղանցուկը, ժամանակաւորն այն է, ինչ մինչեւ այսօր փոր-ձած ենք եւ ամէն անգամ հիասթափուած. օտարին հաշիւ ընելը, օտարին ապաւինիլը, պահու թելադրանքը յաւերժականին հետ շփոթելը, թիւր ըմբռնուած ռէալ փոլիթիքին տուրք տալը։
Քաղաքակրթական առաքելութիւն կատարել կը նշանակէ հսկայական ներուժի գործադրում իրողութիւններ փոխելու համար, որոնք ըստ ամենայնի խանգարած են ու պիտի շարունակեն խանգարել մեր խաղաղ ու անվրդով, ստեղծագործ կեանքը։ Մենք ցարդ անհամեմատ մեծ գին վճարած ենք ու կը շարունակենք վճարել մեծապետական տարբեր ուժերու ծրագիրները կեանքի կոչելու համար։ Փաստ է, որ այդ ուժերը, անխտիր՝ Արեւելք կոչենք թէ Արեւմուտք, Հիւսիս թէ Հարաւ, իրենց նպատակները իրագործելէ ետք տրորած են մեզ եւ մեր հայրենիքն ու անցած։
Ցեղասպանութիւնը հետեւանք էր այդ վարքին, ինչպէս ներկան է հետեւանք։ Եւ մենք բացառութիւն չենք․ «քաղաքակիրթ» մարդկութեան «ձուլուածքն» այդպէս է։ Մեր դժբախտութիւնն այն է, որ չենք խրատուած եւ ամէն անգամ նոյն անդունդը գլորելու եւ անկէ դուրս չգալու վտանգը դիմագրաւած ենք։ Այսօր ալ կը դիմագրաւենք եւ բացառապէս ճառերն ու կարգախօսները չեն որ պիտի փրկեն։
Կենսականը կամքն է. կ’ուզե՞նք վերջ դնել այս բազմադարեայ խեղկատակութեան եւ յարգանք պարտադրել մեծին ու փոքրին, հեռուին եւ մօտին, թէ ոչ։ Եթէ այո, ուրեմն պիտի ըսենք, որ ինչի՞ պատրաստ ենք։ Մարդկային զոհ այնքան շատ տուած ենք եւ փոխարէն ոչինչ ստացած, որ մեր մտքէն իսկ չենք անցներ յաւելեալ արիւնը։ Փոխարէնը յաւելեալ ստեղծագործ միտք եւ քրտինք, անդուլ եւ անվկանդ աշխատանք պիտի առաջադրենք, պայմանաւ որ գիտնանք արդիւն-քը պաշտպանել եւ երբեք չդաւաճանել ազգային երազանքին։
Ապրիլի 24-ին սպաննեցին հայուն, մորթեցին կամ խեղդամահ ըրին հայ մանուկին, կանանց ու ծերերուն, որովհետեւ անոնք անպաշտպան էին. նոյնը՝ Պաքուի մէջ թէ այլուր, կեանքէն ետք հայոց ինչքը եւ աշխատանքի արդիւնքը անպատիժ խլեցին, որովհետեւ սակաւաթիւ պաշտպանները կա՛մ ինկած էին պատնէշին վրայ, կա՛մ նահանջած գերակշիռ ուժերու ճնշման տակ։
Այսօր՝ պետականութեան եւ ազգային բանակի առկայութեան պայմաններուն մէջ մտավախութիւնները չեն փոխուած։ Մարդիկ անապահովութեան զգացում ունին, որուն հեղինակը նոյնինքն պետութեան իշխանութիւնը իւրացուցած ուժն է։ Երբ մարդ ինքնավստահօրէն կը յայտարարէ 29.800 քառ․ քլմ.ի անշրջելիութեան մասին, ոչ միայն ներկայի, այլեւ ապագայի հաշւոյն ալ, կը նշանակէ որ լծուած է սովետական մկան թակարդը աւելի նեղցնելու։ Եւ այս լրբութիւնը կը դրսեւորէ ոչ թէ այլընտրանքի բացակայութեան պատճառով, այլ որովհետեւ ցարդ զինք սանձող չեղաւ, աւելի՛ն՝ թիկունքը պաշտպանուած կը զգայ արտաքին ուժերէ։
Դաւաճանութի՞ւն է ասիկա թէ ոչ, գումարած նախորդներէն ստացած ժառանգութիւնը, կարելի չէ առանձին-առան- ձին գնահատել, դուրս ձգել սովետական 70 տարին եւ զայն նախորդած տասնամեակները։ Յաղթահարելու համար ազ- գային գոյութենական շարունակուող ճգնաժամը, սահմանափակումներ եւ բացառութիւններ զանց պիտի առնուին։ Եւ ասիկա ի՛սկապէս քաջութիւն կը պահանջէ։ Այնպիսի քաջութիւն, որ յանուն Հայաստանի ու հայ ազգի ապագային մարդիկ պատրաստ գտնուին արմատական եւ հաստատակամ ինքնավերանայման եւ ըստ այնմ նոր սերունդի դաս- տիարակութեան։
Փաշինեանականութիւնը ինքնաբոյս երեւոյթ չէ, հետեւանք է, որ կուտակուած ձախողութիւններու եւ յուսախաբութիւններու կոյտին վրայ բարձրանալով զաւթեց անպաշտպան մնացած անձի իշխանութիւնը, որ՝ յայտնի դարձաւ, իր հերթին զաւթած էր զայն, ինչպէս նախորդն ու անկէ առաջուանը։ Արիւն թափելով իրավիճակը ժամանակաւորապէս հարթել չի նշանակեր խնդիրը լուծել. խնդրի լուծումը շատ աւելի խրթին է, որուն լծուած պիտի ըլլային 1991-էն եկած-գացած իշխանութիւնները։ Այդքան հեռատեսութիւն եւ իմաստութիւն եթէ ունեցած ըլլային, անոնք պատմութեան մէջ իբրեւ նոր արամմանուկեաններ իրենց անունը արձանագրած պիտի ըլլային։
Եւ ինչպէ՞ս չմտածել, որ դղրդագին քանդուող կայսրութեան աւերները կառավարելի դարձնելու համար յատուկ չէին ընտրուած այս «ֆիգուր»ները շահագրգիռ կեդրոններէ կամ կեդրոնէ։
Ապրիլի 24-ը, Մեծ Եղեռնը յաղթահարել բարդ գործ է, բայց ոչ անկարելի, եթէ բազմակողմանիօրէն քննելով եւ վերլուծելով զայն նախորդած եւ յաջորդած տասնամեակները, յստակ գնահատուին մեր ազգային վարքի դրականն ու բացասա- կանը, ազգային պետականակերտ գործն առաջնորդող փաս- տաթուղթի մէջ արձանագրուին անոնք ու հիմնաւորման մաս դառնան, անհրաժեշտ սրբագրութիւնները մտցուին եւ եթէ կարիք զգացուի՝ նշելով նպատակը նուաճելու համար այն գինը, զոր պատրաստ ենք վճարել։
Մեր նահատակներու յիշատակը յարգելու միակ եւ ընդունելի ձեւը տունդարձի ճամբան հարթելն է։
Զաւէն Լիյլոզեան
«Յուսաբեր»