Թուրքիա- (Շարք Ալ Աուսաթ- Լոնտոն) Ըստ «Շարք Ալ Աուսաթ» օրաթերթին ISIS ահաբեկչական խմբաւորումը սկսած է Թուրքիան դաւաճանելու գործընթաց մը: Այս մասին կարճ հրապարակում մը ըրած է թերթի գլխվաւոր խմբագիր ՝ Ապտըլ Րահման Ալ Րաշէտ: Ըստ Րաշէտի ISIS յայտնուած է ծանր վիճակի մը մէջ պարզ այն պատճառով, որ Թուրքիա վերջին շաբաթներուն արգելքներ դրած է խմբաւորման ուղղարկուած զինուորական օժանդակութիւններուն առջեւ եւ խանգարած է ահաբեկիչ զինեալներուն ընդհանուր գործունէութիւնը: Ալ Րաշէտ նաեւ չէ թաքցուցած, որ Թուրքիա ջատագով եղած է Իսլամիստ խմբաւորումներու ստեղծման խորհելով, որ այդպէս պիտի կարողանայ ծանր հարուած տալ Սուրիոյ իշխանութիւններուն: Ալ Րաշէտի կարծիքով ISIS-էն ետք «Ալ Նըսրա» եւս կրնայ նոյն կերպ վարուիլ եւ Թուրքիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններով հանդէս գալ: Թերթի խմբագիրը կը նշէ, որ Իսլամական բոլոր խմբաւորումները յայտնուած են տագնապներու առջեւ, որովհետեւ Թուրքիա կը խանգարէ, անոնց ուղղուած տարբեր բնոյթի օժանադակութիւններու ներհոսքը: Աւարտին Ալ Րաշէտ նկատել տուած է, որ Թուրքիա կրնայ վերատեսութեան ենթարկել Սուրիոյ հանդէպ իր վարած քաղաքականութիւնը նկատի առնելով նաեւ Իրան- Ամն ( 5+1 ) համաձայնութեամբ շրջանին մէջ խմորուող ընդհանուր դրութիւնը: