image

Ըստ «Քոմերսանթ» թերթին Ալիեւ պաշտպանած է Փաշինեանը

Ըստ «Քոմերսանթ» թերթին Ալիեւ պաշտպանած է Փաշինեանը

Ռուսական «Քոմերսանթ» պարբերականը անդրադարձած է ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու առցանց գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի ծաւալուն ելոյթին՝ նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՀՀ-ի նկատմամբ տարած յաղթանակին:

«Պաքուի գաղտնի պատուիրակութեան նպաստը ԱՊՀ-ի մէջ» խորագիրով ադրադարձին մէջ թղթակից՝ Անտրէյ Քոլեսնիքով նշած է, որ Նիկոլ Փաշինեան յարգելի պատճառներով չէ մասնակցած նիստին, մինչդեռ Ալիեւը չափազանց աշխոյժ եղած է:

«Յաղթողը, հաւանաբար, հաճոյքով նոյն եթերին կը մասնակցէր յաղթուածին հետ»,- կ'ենթադրէ հեղինակը՝ անդրադառնալով Ալիեւի յայտարարութեան առ այն, որ Փաշինեանի օրօք, իշխանութիւնները սադրիչ յայտարարութիւներով տապալած են ԼՂ-ի խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւնները:

Ըստ Քոլեսնիքովի՝ այս ելոյթի ընթացքին, սակայն, անսպասելի եղաւ այն, որ Ալիեւը պաշտպանեց Նիկոլ Փաշինեանը հայ ժողովուրդի ցասումէն:

«Հիմա իրավիճակը Հայաստանի մէջ շատ լարուած է ... Ես ոչինչ կը մեկնաբանեմ ... Որովհետեւ Հայաստանի վարչապետը չի մասնակցիր մեր հանդիպման ... Միակ բանն այն է, որ պարտուած բանակը Փաշինեանի բանակը չէ: Այս այն բանակն է, զոր կը ստեղծէին  Քոչարեանն ու Սարգսեանը 20 տարի շարունակ: Եւ մեր քաղաքները չեն աւերուած Փաշինեանի բանակի կողմէն: Ան նման հրահանգներ չէ տուած»,-Ալիեւի ելոյթէն մէջբերած է հեղինակը ու ապա ներկայացուցած այս առնչութեամբ իր տեսակէտը:

«Դժուար է ըսել, թէ ինչի կը ձգտէր Ատրպէյճանի նախագահը: Բայց եթէ ան կը ցանկար, որ հայերը վերջնականապէս ատեն իրենց վարչապետը, ապա ան պէտք է ըսեր ճիշդ այս խօսքերը: Թշնամին ոչ թէ տրորեց յաղթուածին, այլ պաշտպանեց զայն: Պարտուողին հետ ամէն ինչ պարզ է ... Յաղթողին ալ  անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը այսպիսի ղեկավար ունենայ: Այո՛, Նիկոլ Փաշինեանը կարելի է անիծել նոր թափով»,-եզրափակած է Քոլեսնիքովը: