Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը նշած է, որ ղազախները Նիկոլ Փաշինեանը կը ճանչնան որպէս ազգային առաջնորդ, որ նոր կեանք բերած է Հայաստանին եւ նոր խթան հաղորդած պետական կառուցուածքի վերածնունդին բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Այս մասին հաղորդած են Ղազախստանի նախագահի աշխատակազմէն:
«Ձեր հեռատես ղեկավարութեան շնորհիւ Հայաստանը բռնած է կայուն զարգացման ուղի եւ ամրապնդած իր դիրքերը միջազգային ասպարեզին մէջ։ Այն նաեւ օրինակ կը ծառայէ իր խոհեմ եւ պատասխանատու դիրքորոշմամբ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Դուք կայացուցած էք անսովոր եւ համարձակ որոշում շատ դժուար աշխարհաքաղաքական իրավիճակի մէջ։ Վերջին հաշուով, սա շատ արժէքաւոր որոշում էր, որ օգուտ բերաւ հայ ժողովուրդին։ Ակնյայտ է, որ բարեկամական, եղբայրական Հայաստանը ընտրած է խաղաղութեան եւ կայուն զարգացման ուղին։ Այս հարցով ձեր պատմական վաստակը մեծ է։ Կ՚ուզէի նշել, որ դուք նշանակալի դեր խաղցած էք Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընդունուած խաղաղութեան համաձայնագրի խթանման գործին մէջ»,-ըսած է Ղազախստանի նախագահը։
Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւն այսօր յայտարարած է, որ ղազախա-հայ միջպետական յարաբերութիւնները բարձրացած են ռազմավարական գործընկերութեան նոր մակարդակի։
«Հաշուի առնելով Ձեր մեծ ներդրումը եւ ղազախա-հայաստանեան յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ ունեցած ակնառու նուաճումները՝ այսօր ես որոշեցի Ձեզ պարգեւատրել Ղազախստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պետական պարգեւով՝ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանով։ Սա մեր անսասան եղբայրութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ մեր ժողովուրդներու ապագայի նկատմամբ ընդհանուր ձգտումներու վառ խորհրդանիշն է»,-նշած է Թոքաեւը: