Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հեռախօսազրոյց ունեցած է իր գերմանացի պաշտօնակցի՝ Աննալենա Պերպոքի հետ, որու ընթացքին քննարկած է տարածաշրջանի մէջ առկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «խաղաղութեան գործընթացի» հեռանկարները, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Զրոյցի ընթացքին Պայրամով յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը «երբեք չէ ոտնահարած հայ բնակչութեան իրաւունքները, որ հաստատուած է ոչ միայն տարածաշրջան այցելած ՄԱԿ-ի առաքելութեան, այլեւ Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան եւ անգամ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ»։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը «շարունակական անհիմն զրպարտչական արշաւ» որակած է Արցախի բնակչութիւնը էթնիք զտման ենթարկելու գնահատականները՝ աւելցնելով, որ ատոնք «Հայաստանի եւ որոշ երկիրներու քաղաքական ձեռնավարութիւններու բաղկացուցիչ մասը կը կազմեն»։
Ատրպէյճանցի պաշտօնեան աւելցուցած է նաեւ, որ այժմ, երբ Ատրպէյճանը «վերականգնած է իր ինքնիշխանութիւնը, իրական հնարաւորութիւններ ստեղծուած են Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար, եւ Հայաստանը պէտք է գնահատէ այդ հնարաւորութիւնները»: