Քասքատէն պէտք է բերման ենթարկուեր ոչ թէ քաղաքացի Կարէն Մկրտչեան, ըստ որու՝ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան թքած է իր վրայ, այլ Ալեն Սիմոնեան։ NEWS.am-ի հետ զրոյցին այսպէս ըսած է Կարէն Մկրտչեանի փաստաբան Սերգէյ Յարութիւնեան։
«Հասկանում եմ ոստիկանների անհամարձակութիւնը՝ հաշուի առնելով Ալեն Սիմոնեանի պաշտօնը եւ կերպարը, բայց գոնէ կարող էին հրաւիրել բաժանմունք, այլ արձագանք տալ կատարուածին, բայց բերման ենթարկել անձի, որը տուժող է, որի նկատմամբ բռնութիւն է գործադրուել, որին փորձել են նսեմացնել, որի վրայ թքել են, ոչ բարոյական տեսանկիւնից է ըմբռնելի, ոչ էլ իրաւական, ու կարող եմ ասել, որ արդէն բոլոր սահմաններն անցել է»,- ըսած է Յարութիւնեան։
Փաստաբանի խօսքով՝ ոստիկանները Մկրտչեանը բերման ենթարկած են անձը պարզելու նպատակով, սակայն այդ եւս հիմքեր չունի։ Բացի այդ՝ ոստիկանական բաժանմունքը փաստաբանին դժուարութեամբ թոյլ տուած են առանձնազրոյց ունենալ Մկրտչեանի հետ՝ չնայած, որ այդ օրէնքով սահմանուած իրաւունք է։
«Կարեն Մկրտչեանը պէտք է հրաւիրուեր միայն տուժող ճանաչուելու համար, որովհետեւ Ալեն Սիմոնեանը փորձել է նսեմացնել իր անձը։ Բացի սա՝ եթէ հաստատուի, որ թիկնազօրի աշխատակիցները, իրօք, բռնել են քաղաքացու ձեռքերից, աշխատակիցները եւս պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուեն, որովհետեւ նրանց գործառոյթը պետական պաշտօնեային պաշտպանելն է, ոչ թէ ցուցումով բռնութիւն գործադրելը»,- նշած է փաստաբանը։
Փաստաբանի խօսքով՝ դեռ կը քննարկուի ոստիկանութիւն հաղորդում ներկայացնելու հարցը, սակայն քաղաքացիի յայտարարութիւնները բաւարար են Դատախազութեան համար վարոյթ նախաձեռնելու համար։
«Վարոյթը պէտք է նախաձեռնուի խուլիգանութեան (սակաւապետութիւն) յօդուածով, որովհետեւ Ալեն Սիմոնեանի արածը խուլիգանութեան դասական դրսեւորում է, հասարակութեան դէմ ոտնձգութիւն եւ անձին ստորացնելու փորձ, երկրորդը՝ պաշտօնատար անձի կողմից սահմանազանցման համար:»,- ընդգծած է Սերգէյ Յարութիւնեան։
Յիշեցնենք, որ 3 ապրիլին, քաղաքացի Կարէն Մկրտչեան դիմատետրեան էջին յայտնած էր, որ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան հրահանգած է իր թիկնազօրի աշխատակիցներուն բռնել զայն եւ թքած է վրան, երբ Կարէն Ալեն Սիմոնեանը դաւաճան անուանած է։ Ալեն Սիմոնեան աւելի ուշ դիմատետրեան գրառմամբ չէր հերքած կատարուածը։
«Ականջներիդ օղ արէք», որ ձեր լկտիութիւնն անպատասխան չի մնալու ՀՀ օրինական իշխանութեանը վիրաւորելուն լինելու է օրինական պատասխան»,- նշած էր Սիմոնեան: