image

Ըստ AFP-ին Ռաքքա շուտով պիտի անցնի քրտական ուժերուն ձեռքը

Ըստ AFP-ին Ռաքքա շուտով պիտի անցնի քրտական ուժերուն ձեռքը

Սուրիոյ քրտական ժողովրդավարական ուժերը մօտեցած են «Իսլամական Պետութեան» խոշորագոյն կեդրոնատեղիներէն մէկը համարուող Ռաքքան ամբողջական ձեւով իրենց վերահսկողութեան տակ առնելու վերջին փուլին:  Այս մասին կը տեղեկացնէ ֆրանսական AFP գործակալութիւնը, նշելով, որ յարձակումը հասած է «վերջնական փուլեր»ու  եւ ճիհատականները   քաղաքի տարածքի  90 առ հարիւրէն դուրս շպրտուած են:

 

Աղբիւրը կը նշէ, որ ծայրայեղական կազմակերպութիւնը անկարող է  դիմակայել ԱՄՆ-ի ղեկավարած միջազգային դաշինքին կողմէն իրականացուող ծանր օդային հարուածներուն, որոնք    կարեւոր կռուան կը դառնան   մեծամասնութեամբ  քիւրտերէ բաղկացած   «ժողովրդավարական  ուժեր»ուն   առաջ   երթալու համար:

 

Իր կարգին Սուրիոյ ընդդիմադիր «Մարդկային իրաւանց դիտարան» կեդրոն-կայքի տնօրէն Ռամի Ապտլ Ալ-Ռահման AFP-ին յայտնած է, որ «Միջազգային դաշինքի կեդրոնացուած օդային հարուածներուն հետեւանքով, «Տահէշ» կազմակերպութիւնը 48 ժամուան ընթացքին նուազագոյն 5 թաղամասերէ հեռացած են, ինչի շնորհիւ քաղաքի 90 տոկոսը անցած է  Սուրիոյ քրտական ուժերուն ձեռքը»:

 

Այս առումով Սուրիոյ   քրտական ուժերու հրամանատարութիւնը յայտարարութիւն հրապարակած է, որուն մէջ նշուած է, որ «Եփրատի զայրոյթ» գոծողութիւնը հասած է իր վերջնական փուլերուն: