image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Ֆրանսայի կառավարութեան ճգնաժամի ետին

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Ֆրանսայի կառավարութեան ճգնաժամի ետին

Ներֆրանսական իրադարձութիւնները կը խօսին անել վիճակի մասին: Նոյնիսկ խորհրդարանի լուծարումը նախագահին կողմէ եւ նոր ընտրութիւններու կայացումը երաշխիք չեն, որ այնպիսի կառավարութիւն մը կազմուի, որ կարենայ ստանալ խորհրդարանի վստահութեան քուէն:

Ներկայ պահուն կը նուազին այն կարելիութիւնները, որոնք կրնան առարկայանալ  այս պայմաններուն մէջ: Խորհրդարանի լուծարում կամ նախագահի հրաժարական: Արանքին, կայ երրորդ կարելիութիւն: Ենթադրեալ համաձայնութիւն դասական ուժերու միջեւ:

Հրաժարեալ վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնած է նոր խորհրդակցութիւններու ձեռնարկելու. մերժելով վերանշանակումը` ան կը խորհրդակցի հիմնականին մէջ կեդրոն,  դասական աջ եւ դասական ձախ ուժերուն առընթեր` Կանաչներու կուսակցութեան հետ, կառավարութիւն ձեւաւորելու համար: Աջ եւ ձախ երկու ծայրայեղ ուժերը մերժած են մասնակցիլ այս խորհրդակցութիւններուն եւ կը պահանջեն խորհրդարանի լուծարումը:

Եթէ դասական ուժերը գան համախոհութեան,  այդ պարագային ծայրայեղ հոսանքներու առաջադրածը գէթ այս փուլին չ՛առարկայանար: Բնականաբար այս պարագային վարչապետութիւնը ենթադրաբար պիտի ստանձնէ ոչ մաքրոնական ներկայացուցիչ մը: Չի բացառուիր, օրինակ,  որ Ընկերվարական կուսակցութեան առաջադրած վարչապետը նշանակուի:

Այս խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը պարզ չէ: Յայտարարուած էր, որ մինչեւ չորեքշաբթի գիշեր պիտի ներկայացուին արդիւնքները: Այստեղ տեսականօրէն եւ շատ քիչ հաւանականութեամբ կա՛մ նոր առիթ կը տրուի շարունակելու խորհրդակցութիւնները, կա՛մ կը յայտարարուի, որ համաձայնութեան յանգած են կազմելու կառավարութիւն եւ կա՛մ ալ երրորդ ընտրանքը` խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ:

Այս կացութեան հիմնական շարժառիթները բազմապիսի են: Անոնք ամէնէն շատ կը կեդրոնանան պետական պիւտճէին վրայ: Երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական տագնապ, որուն յաղթահարման համար նախահաշիւները կը ներառեն տուրքերու նոր աստիճանաչափեր, որոնք կը հանդիպին շատ սուր դիմադրութեան: Նոյնիսկ նախագահի քաղաքական շրջանակին մէջ կան երեւելի դէմքեր, որոնք չեն պահեր իրենց անհամաձայնութիւնը նախագահի կիրարկած քաղաքականութեան նկատմամբ:

Անկախ այսօրուան խորհրդակցութիւններու արդիւնքէն եւ ֆինանսական, պիւտճէական կամ ընդհանրապէս տնտեսական կացութենէն, Ֆրանսայի այս փակուղային, անելային կամ քաշքշուքային իրավիճակի պատճառները կրնան հեռուները տանիլ վերլուծման փորձերը:

Այդ պարագային պէտք է արձանագրել ծայրայեղ ուղղութիւններու արձանագրած նոր վարկանիշներու ուղղակի թէ անուղղակի պատճառներուն, ընդհանուր աշխարհակարգին հետ կապուած հետեւանքներուն, համաեւրոպական խնդիրներուն, Եւրոպան ղեկավարելու Գերմանիա-Ֆրանսա մրցապայքարին եւ նման համընդհանուր աշխարհաքաղաքական ուղղութիւններու ազդեցութիւններուն մասին:

Հայկական ոսպնեակը այս բոլորին մէջ պէտք է կարենայ դիտարկել Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան տկարացման հետեւանքներուն Հայաստանի հետ կապուած գործընթացներուն վրայ ունենալիք ազդեցութիւնները: Ռուսիա-Ֆրանսա լարուածութիւնը, եւրոպական ճակատի առաջին գիծը գրաւելը` Ուքրանիոյ պատերազմին, հակառակ իր արտաքին պարտքին աճումին Ուքրանիոյ ուղութեամբ կատարուող օժանդակութիւններուն առաջնային դիրք գրաւելը` այս բոլորը  պէտք է նկատի ունենալ  տարածաշրջանային համայնապատկերներուն վրայ:

Ներքին խնդիրները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան բնականաբար արտաքին քաղաքականութեան վրայ եւ անպայման խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն տուեալ պետութեան ազդեցիկութիւնը:

Ֆրանսայի դիմագրաւած խնդիրները ուրեմն կ՛անդրանցնին Ֆրանսայի սահմանները եւ կը տարածուին ամբողջ Եւրոպայի վրայ: Թոյլ տնտեսութիւն, Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքները անմիջականօրէն կրող եւ արտաեւրոպական միջավայրերու մէջ իր նախկին ազդեցութիւնը հետզհետէ կորսնցնող Եւրոպան, ներկայ հանգամանքները նկատի ունենալով կը նպաստէ Միացեալ Նահանգներուն: Կախեալութիւնը Եւրոպային Միացեալ Նահանգներէն, կարելի է մտածել, որ կը բխի Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան շահերէն:

Առանց այս բոլորին ալ արդէն տեսանելի էր Ամերիկայի ազդեցութիւնը եւրոպական զանազան երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Իտալիայէն մինչեւ Կիպրոս, անցնելով Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն, եւ բազում եւրոպական երկիրներէն, գերակայ այդ ուղղութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ ամէն հիմնական քայլափոխի: Ուքրանիոյ պատերազմը աւելի շեշտեց այդ մէկը, Միացեալ Նահանգներէն յաւելեալ կախեալութիւն ստեղծելով:

Դասական ուժերու համաձայնութիւնը կրնայ խախտել խաղի այս կանոնը եւ անել վիճակէն գէթ ժամանակաւորապէս դուրս բերել երկիրը:

 

«Ա.»