Ընթերցումներս (61)
Անհամասեռութիւն (4)
Անուանական անհամասեռութիւն (ա)
Անուանական անհամասեռութիւնը կ’ընդգրկէ խօսքիմասային ոչ-բայական շերտը՝ գոյականը, ածականը, թուականը, դերանունը, մակբայը, որեւէ բառ:
Օրինակներ՝
-- Յաջորդ պայմանը բարեկարգումներու նախաձեռնութիւնն է, արդարութ-եան հաստատումը եւ օրէնքի հաւասարութեան գործադրումը:
Այս նախադասութեան պայմանը ենթական ունի երեք ստորոգելիներ, որոնց երեքն ալ բայանուն են, բայց ահա ասոնց առաջինը կը կրէ -ութիւն վերջածանցը, միւս երկուքը -ում վերջածանցը, ինչ որ ոճականօրէն խոցելի կը դարձնէ ընդհանուր կառոյցը՝ չհաշուած իմաստային նուրբ անհամապատասխանութիւնը, որ կը յառաջանայ այս երկու տարբեր ածանցներէն:
Պէտք է ունենայինք՝
--Յաջորդ պայմանը բարեկարգումներու նախաձեռնումն է, արդարութեան հաստատումը եւ օրէնքի հաւասարութեան գործադրումը:
Նաեւ՝
***Վնասուած են 103 ոստիկանութեան եւ 207 սեփական ինքնաշարժներ:
Ուր ինքնաշարժ գոյականը իբրեւ լրացում ունի նախ՝ սեռական հոլով գոյական մը, ապա ածական մը: Սրբագրենք զայն՝
---Վնասուած են 103 ոստիկանական եւ 207 սեփական ինքնաշարժներ:
*** Անոնք հոգացին որբերուն առողջական եւ սնունդի կարիքները:
---Անոնք հոգացին որբերուն առողջական եւ սննդական կարիքները:
***Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ արհեստաւորներու թաղերուն մէջ (Պերճուհի Բարսեղեան, «Խանձուած օրեր», էջ 136):
---Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ արհեստաւորական թաղերուն մէջ:
Ծանօթ.- Այս վերջինին սրբագրումը խորքին մէջ ձեւական է, եւ նախադասութեան յղացքը ոճաբանօրէն կը մնայ խոցելի. ինչո՞ւ:
Որովհետեւ ձկնորս-ը կ’անուանէ ծանօթ արհեստ կիրարկող մը, մինչդեռ արհեստաւոր-ը որեւէ ծանօթ՝ մասնաւոր արհեստ կիրակողի անուն չէ:
Բերուած սխալ օրինակը կարելի է սրբագրել հետեւեալ կառոյցով.
---Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ արհեստաւորական այլ թաղերու մէջ:
*** Ցուցարարները կը վստահեցնէին, թէ տեղի ունեցողը ոչ թէ կուսակցութիւններու, այլ քաղաքացիական պայքար է:
---Ցուցարարները կը վստահեցնէին, թէ տեղի ոնւեցողը ոչ թէ կուսակցական, այլ քաղաքացիական պայքար է:
* * *
Շատ տարածուած է անհամասեռութեան այն տեսակը, ուր բազմակի անդամներէն մէկը բայանուն է, միւսը անորոշ դերբայ:
Օրինակ՝
***Բախումները առիթ հանդիսացան վերստին քննարկումի եւ նոր գնահատական ընելու հանրային կեանքի բոլոր երեսներուն:
Ուր ունինք քննարկումի բայանունը եւ ընելու դերբայը: Միւս կողմէ՝ վերստին մակբայը իբրեւ որոշիչ տրուած է քննարկումի գոյականին, ինչ որ մերժելի կացութիւն մըն է: Այս բոլորը կը սրբագրենք հետեւեալ ձեւով.
---Բախումները առիթ հանդիսացան վերստին քննարկելու հանրային կեանքի բոլոր երեսները եւ ընելու անոնց գնահատականը:
***Առիթ կ’ընծայեն օտար տէրութիւններու քննադատութիւններուն եւ միջամուխ ըլլալուն:
---Առիթ կ’ընծայեն օտար տէրոթիւններու քննադատութեան եւ միջամտութեան:
***Թուրքիոյ ձեւական դիմափոխութիւնը եւ պատերազմ յայտարարելը... ոչ մէկուն կրնայ խաբել:
---Թուրքիոյ ձեւական դիմափոխութիւնն ու պատերազմի յայտարարու-թիւնը ոչ մէկը կրնայ խաբել:
*** Այս ողբերգութիւնը կը մատնէ աշխարհի տէրերուն կեղծաւորութիւնը, խաբեպատիր ըլլալը եւ երեսանցութիւնը:
---Այս ողբերգութիւնը կը մատնէ աշխարհի տէրերուն կեղծաւորութիւնը, խաբեբայութիւնն ու երեսանցութիւնը:
* * *
Հետեւեալներուն անհամասեռութիւնը հոլովական անմիօրինակութիւնն է.
***Իշխանական խաւը կը կարօտի ինքնամաքրման եւ լեզուական մաքրա-զըտումի:
---Իշխանական խաւը կը կարօտի ինքնամաքրման (կամ՝ ինքնամաքրումի) եւ լեզուական մաքրազտման (կամ՝ մաքրազտումի):
*** Մեր դրացիները նպաստած են բարեկամական կապերու հաստատման եւ զարգացումին:
---Մեր դրացիները նպաստած են բարեկամական կապերու հաստատման (կամ՝ հաստատումին) եւ զարգացման (կամ՝ զարգացումին):
* * *
Հետեւեալներուն անհամասեռութիւնը լրացումներու այլազանութիւնն է.
*** Այդ ձեւակերպումները հետագային հիմք կը դառնան աւելի կարեւոր եւ ուժ ունեցող փաստաթուղթերու:
---Այդ ձեւակերպումները հետագային հիմք կը դառնան աւելի կարեւոր եւ ուժեղ փաստաթուղթերու
***Որքա՜ն լաւ ու խորապէս կը հասկնամ ձեզ (Վահէ-Վահեան, «Նամականի», էջ 391):
---Որքան լաւ ու խոր կը հասկնամ ձեզ:
Ծանծաղ է ըսել՝ լաւապէս ու խորապէս կը հասկնամ ձեզ...:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com