image

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (2). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (2). Գրեց՝  Տօքթ. Արմենակ  Եղիայեան

1. Կարգ մը աւելորդաբանութիւններ հետեւանք են օտար լեզուներու  անմիջական ազդեցութեան. այսպիսիներէն է հայերէնի մէջ շատ տարածուած «ի զուր տեղը» ասոյթը:

Այս ասոյթը պատճենումն ու աղաւաղումն է թրքերէն boš yerine “պոշ երինէ” ասոյթին, որ բառացի կը նշանակէ «պարապ տեղը». ան ունի իր աւելի կարճ հոմանիշն ալ ալ, որ է boša“պոշա”. սա տրական հոլովն է boš-ին,  այսինքն՝   «պարապի»:

Մեր ռամիկը,— եւ ոչ միայն,—  իւրացուցած է երկուքն ալ .

--Պարապ տեղը  կամ պարապի ժամերով սպասեցինք:

--Պարապ տեղը  կամ պարապի բերան ծռեցինք:

Աւելի բանիմացները, յատկապէս մամուլը,  կ’ըսեն՝

--Ի զուր տեղը  բարեկամներ  յորդոր կարդացին...:

--Ի զուր տեղը  այդ մարդէն նպաստ ակնկալեցինք:

--Ի զուր տեղը  ինծի կը դիմէք:

Այսպէս կ’ըսեն ու կը գրեն, որովհետեւ  չեն անդրադառնար, որ «ի զուր» մակբայ է, եւ մակբայով տեղ գոյական  չենք կրնար որոշադրել: Եւ կը ստացուի  հայեցի տեսանկիւնէն դիտած՝ լեզուական այլանդակութիւն մը, որ բաւական տարածուած է բոլոր խաւերուն մէջ:

Եւ վերջապէս իրենց ոճը շատ աւելի խնամել փորձող հատ ու կենտ գրողներ ալ կան, որոնք  կըսեն.

--Զուր տեղը յոյսեր կապեցինք իր խօսքերուն:

--Զուր տեղը այսքան վազվզեց խեղճը:

Այս վերջինը, այո, քերականօրէն սխալ չէ, քանի յառաջացած է  ածական-գոյական կանոնական բառակապակցութիւն մը, բայց եւ այնպէս թանձր թրքաբանութիւն է, եւ իբր այդպիսին ալ մերժելի է.  հայերէնը պարզապէս կ’ըսէ կամ պարտի ըսել.՝

--Ի զուր յոյսեր կապեցինք իր խօսքերուն:

--Ի զուր այսքան վազվզեց խեղճը:

Յիշենք Դուրեանի  սքանչելի կիրարկութիւնները՝ «Տրտունջք»-ի մէջ.

--«Ի զո՜ւր գրեցին աստղերն ինծի “սէր”,

Եւ ի զուր ուսոյց բլբուլն ինձ “սիրել”,

Ի զուր սիւքեր սէ՜ր ինձ ներշնչեցին...

Ի զո՜ւր թաւուտքներ լռեցին իմ շուրջ...

Եւ ի զո՜ւր  ծաղկունք, փթիթներ գարնան

Միշտ խնկարկեցին խոկմանցս խորան.

Ո՜հ, նոքա ամէնքը զիս ծաղրեր են, 

Աստուծոյ ծաղրն է աշխարհն ալ արդէն»:

Վաղամեռիկ պատանին ոչ մէկ անգամ ըսած է՝ զուր տեղը, կամ ի զուր տեղ:

Բերենք միւս հիւծախտաւորին՝ Մատթէոս Զարիֆեանի  մէկ ընտիր կիրարկութիւնը եւս «Արհամարհանք» քերթուածէն.

--«Ի զուր սրտիս վրայ մոխիր կը թափես.

Աստուածներ կան հոն՝ իջած երկինքէն, 

Ցաւիս խորերէն, տե՛ս, անոնք կ’երգեն»: 

                                                                               *   *   *

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ (ի) զուր հայերէն:

Հայերէն (ի) զուր չի նշանակեր պարապ, մինչ  boš կատարելապէս պարապ, դատարկ,   կը նշանակէ թրքերէնի մէջ, անգլերէն empty,  ֆրանսերէն vide

Այսպէս՝ մինչ թրքերէնը ազատօրէն կ’ըսէ boš šiše/պարապ շիշ, boš ev/պարապ տուն, boš kafa/պարապ գլուխ,  փոխարէնը  չեմ կրնար հայերէն ըսել՝  զուր շիշ, զուր տուն, զուր գլուխ:

Հապա ի՞նչ է  հայերէն զուր-ը:

Սկսելու համար ըսենք, որ զուր ածականը չի դրուիր որեւէ նիւթական/թանձրա-ցական գոյականի վրայ. չկայ նման բառ: Սակայն կրնանք ըսել՝ զուր յոյս, զուր սպասում, զուր ոգեւորում, զուր խօսք, զուր ակնկալութիւն, ուր բերուած գոյակններուն բոլորն ալ վերացական/ոչ-շօշափելի հասկացութիւններ են:

Մալխասեան զուր-ը կը սահմանէ՝ 

«1.Արդիւնք՝ հետեւանք չունեցող. 2. Անպէտ, անհարկաւոր. 3. Արժէքից զուրկ. 4. Սնոտի, երեւակայական. 5. Անհիմն, իրականութեան չհամապատասխանող. 6. Անիրաւ...»:

Ինչպէս կը նկատենք, ոչ մէկ հոմանիշ կը շփոթուի պարապ-ութեան հետ:

«Նոր հայկազեան»-ը կու տայ մօտաւորապէս նոյն մեկնութիւնները:

Եւ ոչ մէկ տեղ կը գտնենք դատարկ/պարապ  հոմանիշը զուր-ին կից:

Թրքերէնի զօրաւոր ազդեցութեան տակ աղաւաղուած, խաթարուած է ամբողջ լեզուամտածողութիւն մը, ուր  (արեւմտա)հայը շփոթած է պարապ-ը եւ զուր-ը՝ հոմանիշ նկատելով ասոնք:

Եզրակացութիւն   

--Հայերէնէն կը վանենք պարապ տեղը  եւ ասոր հոմանիշ պարապի ասոյթները՝ թրքերէնի մեքենական պատճենումը նկատելով զանոնք: 

--Զուր տեղը կը վանենք՝ ոչ-հայեցի նկարագրին հետեւանքով:

--Ի զուր տեղը կը վանենք՝ քերականօրէն սխալ կառոյց մը ըլլալուն:

--Թրքերէնի boš yerine-ին կը զուգադրենք հայերէնի   պարզ ու կոկիկ  ի զուր մակբայը, որուն կարելի է հանգիստ զուգադրել յումպէտս, վայրապար, տարապարտուց   հոմանիշները.  անգլերէնը՝ in vain, ֆրանսերէնը՝ en vain:

Հարցում՝

***Ի՞նչ մտածել հետեւեալ երկուքին մասին. 

--Մոսկուա  զուր  յոյսեր կը կապէ  Թրամփի վերադարձին:

--Մոսկուա ի զուր յոյսեր կը կապէ Թրամփի վերադարձին: 

—Ո՞րն է ճիշդ, ո՞րն է սխալ:

—Երկուքն ալ ճիշդ են:

Առաջինին զուր ածականը կը բնոորոշէ  յոյս գոյականը՝ զուր յոյսեր:

Երկրորդին ի զուր մակբայը կ’եղանակաւորէ կը կապէ  բայը/ստորոգիչը՝ ի զուր կը կապէ:

2. Աւելորդաբանութիւնը շատ յաճախ հետեւանք է կիրարկուած բառերու  նշանակութեան կամ քերականական յատկութեան ճիշդ չիմացութեան. ահա ցայտուն օրինակ մը, որ իբրեւ խորագիր ծառայած է մեր լրագրողներէն  մէկուն.

--«Մասքաթի մէջ շիիներու մզկիթի մը մերձակայքին մէջ  կրակոցի պատճառով  չորս անձեր մահացած են»:

Հայերէնին պարկեշտ տարողութեամբ տիրապետողը,— ինչպէս կ’ակնկալուի, որ ըլլան մեր բոլոր լրագրողները,— պիտի չըսէր մերձակայքին մէջ, այլ պարզապէս պիտի ըսէր մերձակայքը, որ առանձինը իր պարզ հայցական հոլովովով արդէն  կատարելապէս ի վիճակի է տեղ ցոյց տալու.

--«Մզկիթի մը  մերձակայքը չորս անձեր մահացած են»:


Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com