image
Հրատապ լուրեր:

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (14). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (14). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Աւելորդաբանութիւն (14)

Աւելորդ յոգնակիներ բ)

1. Անորոշ եզակի

Բաղդատենք հետեւեալ երեքը.

--Թորոսը խնձորը կերաւ:

--Մարկոսը խնձոր մը ստացաւ:

--Կիրակոսը խնձոր կը ծախէ:

Այս երեքին մէջ   խնձոր գոյականը հաւասարապաէս դրուած է եզակի թիւով՝ խնձոր, որուն յոգնակին  է խնձորներ:

Եւ  ահա  առաջին երկուքին մէջ խնձոր(ը) գոյականը կ’ակնարկէ մէկակա՛ն պտուղի, մէկակա՛ն առարկայի, միչդեռ երրորդին համար չենք կրնար ըսել, թէ ան կ’ակնարկէ մէ՛կ առարկայի. Կիրակոսը միայն մէ՛կ խնձոր չէր ծախեր անշուշտ. անոր տոպրակին,   սնտուկին  կամ կառքին մէջ կային տասնեակներով, թերեւս հարիւրներով խնձորներ, որոնց բոլորը ահա անուանած ենք խնձոր եզակի գոյականով:

Այսպիսի եզակի գոյականը  կ’անուանենք «անորոշ եզակի»:

Հետեւաբար երրորդ օրինակի խնձոր գոյականը անորոշ եզակի է: 

Եւ ուրեմն անորոշ եզակին  ձեւով միայն եզակի է, իսկ նշանակութեամբ ուրիշ է:

Միւս երկուքը ստուգապէս մէկական խնձոր, մէկական առարկայ ցոյց կու տան. պատճառը  անոնց վրայ դրուած յօդերն են՝ խնձորը եւ խնձոր մը:

Այսպէս,  կարելի է ըսել՝

—Հովիւը ոչխար կ’արածէ,—եւ հասկնալ շատ ոչխարներ:

Որոշեալ կիրարկելու պարագային  շատ հասկնալու համար ստիպուած ենք ըսելու՝

—Հովիւը ոչխարները կ’արածէ:

Այլապէս ոչխարը  պիտի նշանակէր միայն մէ՛կ ոչխար:

Եզրակացութիւն

Անորոշ՝ յօդազուրկ  եզակիին  ցոյց տուած թիւը առաձգական է:

Յօդաւոր եզակին ցոյց կու տայ մէ՛կ առարկայ:

Ծանօթ.— Խորքին մէջ՝ անորոշ եզակի-ի ըմբռնումն ու մեկնաբանութիւնը հայերէն խօսողէն  կը պահանջեն որոշ ողջամտութիւն ( ֆրասնսերէն՝  bon sens, անգլերէն` common sense), քանի նոյն անորոշ եզակին կրնայ  թելադրել միայն մէ՛կ առարկայ եւս.

Բաղդատել՝

—Թորոսը  ծիրան գնեց:

—Մարկոսը վերջապէս կնիկ առաւ:   

Ծիրան եւ կնիկ հաւասարապէս անորոշ եզակի են. բայց ահա տարրական ողջամտութիւնը կը թելադրէ, որ Թորոսը մէկէ աւելի ծիրան տարաւ իր տունը, իսկ Մարկոսը միայն մէ՛կ կնիկ տարաւ իր տունը:    

                                                                  *   *   *    

Այս իրողութիւնը անհեթեթ կը դարձնէ յոգնակիի գործածութեան  շատ պարագաներ. օրինակ՝ 

Թուրքիա  իր հանքածուխներու  պահեստները  կ’օգտագործէ: 

            —Կը պատժուին անոնք, որոնք անարդարութիւններ կը գործեն:

—Թուրքիա յարաբերութիւնները խզելու ծրագիրներ չունի:

—Նուպարը առաջնորդն էր մեր չորսերուն:  

Պատճառներ չունէինք զուարթ ըլլալու :    

—Յաճախորդները պանիրներու լայն ընտրութիւններ ունէին:                                                          

2. Համրելի եւ անհամրելի առարկաներ

Կան առարկաներ, որոնք  առօրեայ կիրարկութեան  մէջ  չեն համրուիր, ինչպէս՝ ցորենը, բրինձը, ոսպն ու սիսեռը եւ այլ ընդեղէններ, ինչպէս նաեւ այլ ընթացիկ պտուղներ՝ ծիրանը, սալորը,  ելակը, թէկուզ գետնախնձորը, դեղձն ու նարինջը. այսպիսիները չենք յոգնականացներ, այլ կը կիրարկենք եզակի՝ անորոշ կամ որոշեալ, որոնք սակայն ցոյց կու տան յոգնակի առարկաներու ամբողջութիւն կամ քանակութիւն. այսպէս՝ «ցորեն քաղեցինք» կամ «ցորենը սպառեցաւ»,— որոնք մէկ հատիկ ցորեն չեն նշանակեր անշուշտ, այնպէս ալ միւսները եւ նմանները: 

3. Օտարաբանութիւններ

Կարգ մը գոյականներ օտար լեզուներու մէջ միշտ յոգնակի կը կիրարկուին, ինչպէս՝ մկրատներ,  ակնոցներ, արձակուրդներ եւ այլն.   համբակ արեւմտահայն ալ ազդուելով ասոնցմէ՝ իր կարգին յոգնակի կը թարգմանէ ու կը կիրարկէ  զանոնք, մինչդեռ  հայերէնը կ’ըսէ ակնոց, մկրատ, արձակուրդ:       

—Տղա՛յ, մկրատս բե՛ր...,— ո՛չ թէ մկրատներս. այս վերջինը օտարաբանութիւն է:       

Սակայն բացառուած չէ, որ խանութպանը ցուցափեղկին մէջ տեսակաւոր  մկրատներ շարած ըլլայ վաճառքի համար. օրինակ՝  տարբեր նպատակներու ծառայող կամ տարբեր չափեր ունեցող:

  Ակնոցս դրի կարդալու համար...,— ոչ թէ ակնոցներս, ինչպէս պիտի ըսէին ֆրանսացին ու անգլիացին:

Անշուշտ այս պարագային եւս յոգնակին ընդմիշտ բացառուած չէ. հաստատութիւն կայ, որ տեսակ-տեսակ՝ կարդալու, արեւու, կարգ մը գործերու մէջ վտանգի դէմ պաշտպանուելու ծառայող ակնոցներ կ’արտադրէ:

Նման  պարագաներու  ըմբռնելի է սխալին աղբիւրը՝ մկրատին զոյգ շեղբերը,  ակնոցին զոյց ապակիները կը թելադրեն այս յոգնակիները: Եւ որովհետեւ այդ զոյգ ապակիները կամ զոյգ շեղբերը կը կազմեն մէկ առարկայ՝ ակնոց կամ մկրատ, հայու լեզուամտածողութեամբ եզակի են անոնք: 

Ֆրանսերէնի մէջ արձակուրդը միշտ յոգնակի կը կիրարկուի՝ vacances. մեր լեզուն նման հարց չունի, եւ որքան ալ երկարի արձակուրդը, ան թիւով եզակի է: 

            Սակայն ուրիշ բան է ըսել՝ «Նոր տարուան եւ Զատկուան արձակուրդները»...: Կամ՝ «Կնոջ եւ ամուսինին արձակուրդները իրարու չէին զուգադիպեր». այստեղ կ’ակնարկուի  ուրոյն  արձակուրդներու:

Միւս կողմէ՝ տրամաբանօրէն պէտք է ըսել «հագայ գուլպաներս», սակայն  բոլորովին մերժելի չէ   «գուլպաս» ըսելն ալ, քանի որ կարելի չէ պատկերացնել միայն մէ՛կ գուլպայ հագնող: Նոյնպէս՝ կօշիկ կամ  կօշիկներս, ձեռնոց կամ ձեռնոցներս: Երբ մայրիկը փոքրիկին կը թելադրէ «ձեռնոցդ  չմոռնա՛ս», ան մէկ հատիկ ձեռնոցի չ’ակնարկեր, կամ «կօշիկդ ներկէ՛», որ է՝ երկո՛ւ կօշիկները:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com