image
Հրատապ լուրեր:

Ընթացք առաւ Մէքքայի ժողովը. Բոլոր սլաքները Իրանի դէմ

Ընթացք  առաւ Մէքքայի ժողովը. Բոլոր  սլաքները  Իրանի  դէմ

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ընթացք առած Ծոցի արաբական երկիրներու արտակարգ ժողովին գլխաւոր թեման հանդիսացած է շրջանի ապահովութեան ընդհանուր իրավիճակը։

Ժողովին բացման խօսքը արտասանած է Սէուտական Արաբիոյ Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորը, որ իր խօսքին մէջ մեղադրանքեր հնչեցուցած է Իրանի հասցէին։

Սըլման թագաւոր կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան վերջ տալու Իրանի կողմէ երեւելի դարձող միջմատութիւններուն, որ իր կարծիքով մեծապէս կը վնասէ տարածաշրջանի  ընդհանուր անվտանգութեան։

Յիշեցնենք, որ սոյն ժողովին զուգահեռ այսօր նոյնպէս ընթացք պիտի առնեն տնտեսական- ելեւմտական բնոյթի ժողովներ, որուն իրենց մասնակցութիւնը  պիտի բերեն ծոցի արաբական երկիրներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։