Թրքական պետութեան դէմ 40 տարուան զինեալ պայքարէ ետք, այդ երկրին մէջ արգիլուած Քրտական Բանուորական Կուսակցութիւնը (ՔԲԿ) յուլիս 11-ին արարողութիւն պիտի կատարէ, որ պիտի նշանաւորէ զէնքերը վար դնելու խորհրդանշական առաջին քայլը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ BBC-ն։
Զինաթափման գործընթացը պիտի սկսի Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ՝ խիստ ապահովական պայմաններու ներքոյ, եւ ամենայն հաւանականութեամբ պիտի տեւէ ամբողջ ամառ։ Խորհրդանշական արարողութեան ժամանակ Քրտական Բանուորական Կուսակցութեան փոքրաթիւ խումբ մը զէնքերը վար պիտի դնէ եւ վերադառնայ իրենց ռազմակայան։ Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուլէյմանիա քաղաքին մէջ, սակայն յստակ վայրը չէ բացայայտուած։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան ողջունած է այս քայլը։
Քրտական Բանուորական Կուսակցութիւնը իր պայքարը սկսած էր 1984 թուականին՝ նպատակ ունենալով հիմնադրել անկախ քրտական պետութիւն։ Հակամարտութեան ընթացքին զոհուած է 40,000-է աւելի մարդ։
Աւելի վաղ, Թուրքիոյ դէմ զինեալ պայքարի աւարտի մասին յայտարարած էր ՔԲԿ-ի առաջնորդ Ապտուլլա Օճալանը։