Պապ ալ Մանտեպի նեղուցին մէջ նաւերու երթեւեկութիւնը 56%-ով նուազած է այն բանէ ետք, երբ հուսիները յայտարարած են Սէուտական Արաբիոյ ծովային շրջափակման մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ The National պարբերականը, վկայակոչելով Kpler վերլուծական ընկերութեան տուեալները։
Այդ տուեալներու համաձայն՝ յուլիս 26-ին ջրային այս ուղիով անցած է միայն 15 բեռնատար նաւ, որ 56 առ հարիւրով պակաս է յուլիս 20-ին նեղուցը հատած 34 նաւերէն, երբ հուսիները Սէուտական Արաբիոյ հետ առնչուած նաւերուն նկատմամբ «ծովային էմպարկօ» յայտարարեցին։
Նշուած է, որ ինը նաւ դուրս եկած է Կարմիր ծովէն, իսկ վեց նաւ մտած է այնտեղ։
Փոխադրուող ապրանքներու շարքին եղած են անմշակ նաւթ, հացահատիկ եւ պարարտանիւթեր, որոնք առաքուած են այնպիսի երկիրներ, ինչպիսիք են Չինաստանը, Հնդկաստանը, Փաքիստանը եւ Հոլանտան։
Անցեալ շաբաթ հուսիները յայտարարած էին Սէուտական Արաբիոյ ծովային շրջափակման մասին՝ ի պատասխան Եմէնի նաւահանգիստներու շրջափակման եւ Սանայի միջազգային օդակայանին վրայ յարձակման։ Այնուհետեւ անոնք յայտարարած էին, որ իրենց նախաձեռնած ծովային շրջափակումը կը տարածուի ոչ միայն թագաւորութեան հետ առնչուած նաւերու, այլ նաեւ բոլոր ծովային փոխադրամիջոցներու վրայ, որոնք կ՚ուղուին դէպի Սէուտական Արաբիոյ նաւահանգիստները կամ կը մեկնին այնտեղէն։
Շրջափակման ընթացքին հուսիները նաեւ յայտարարած էին, որ ռազմական գործողութիւն իրականացուցած են Կարմիր ծովուն մէջ գտնուող սէուտական երկու լցանաւի դէմ։ Սէուտական Արաբիան հաստատած է իր նաւերէն մէկու խոցումը՝ աւելցնելով, որ անձնակազմի անդամները չեն տուժած։