image

Ընդդիմութեան հանրահաւաքն աւարտեցաւ, մեկնարկած է երթը

Ընդդիմութեան հանրահաւաքն աւարտեցաւ, մեկնարկած է երթը
Բաղրամեան պողոտային մէջ աւարտած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» հանրահաւաքը, մեկնարկած է երթ Երեւանի կեդրոնական փողոցներով։ Այս մասին այսօր՝ 6 մարտին, Բաղրամեան պողոտային վրայ հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարած է ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան։

Հանրահաւաքի աւարտին Գեղամ Մանուկեանը յայտարարեց, որ վաղը Բաղրամեան պողոտային մէջ ողջ օրուայ ընթացքին պիտի ըլլան տարբեր միջոցառումներ, հաւաքներ եւ քննարկումներ ողջ օրուայ ընթացքին։

«Կոչ եմ անում բոլորին այստեղ գալ բալիկների եւ թոռնիկների հետ։ Երեխային պէտք է փոքր տարիքից դաստիարակել, թէ ինչ է արժանապատուութիւնը եւ արժանապատիւ քաղաքացին, որպէսզի երեխան չսովորի, թէ ինչ է դաւաճանութիւնը»,- նշած է Գեղամ Մանուկեան։

Երկուշաբթի՝ 8 մարտին, տեղի պիտի ունենայ շարժման «արժանապատիւ հաւաք» եւ յատուկ ծրագիր, որու մասին «Հայրենիքի փրկութեան շարժումը» լրացուցիչ պիտի տեղեկացնէ իր էջով։