Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան «Միջազգային ենթակառուցուածքներու եւ ներդրումներու շուրջ գործակցութեան հիմնադրամ»-ի պատուիրակմամբ Հայաստան այցելած է ամերիկեան AECOM ճարտարագիտական–խորհրդատուական ընկերութեան խումբը՝ սկսելու ԹՐԻՓՓ-ի տեղանքի հետազօտման աշխատանքները։
Այս մասին յայտնած է ՀՀ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը։
«Այս աշխատանքները պիտի ներառեն տեխնիկատնտեսական գնահատում եւ առաջարկներու մշակում երկաթուղիի եւ այլ ենթակառուցուածքներու ձեւաւորման վերաբերեալ, որոնք պիտի օգնեն խթանել երկարաժամկէտ տնտեսական աճը Հայաստանի մէջ, փոխկապակցուածութիւնը եւ տարածաշրջանային համարկումը»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները 14 յունուարին հրապարակած էին ԹՐԻՓՓ-ի իրականացման շրջանակի վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւնը։