Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ սկսած են իրանա-ամերիկեան անուղղակի բանակցութիւնները՝ Իրանի միջուկային ծրագրի յայտնած են իրանեան լրատուամիջոցերը։
Իրանական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ արտաքին գործոց նախարար Արաքչին է, Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը՝ նախագահ Թրամփի փեսայ Ճարետ Քուշները եւ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆը։
Օմանը հանդէս կու գայ բանակցութիւններուն մէջ որպէս միջնորդ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Արաքչին, ԱՄՆ-ի հետ Օմանի մէջ սպասուող բանակցութիւններէն առաջ, X-ի էջին գրառում կատարած էր։
«Իրանը դիւանագիտական բանակցութիւններուն կը մօտենայ բաց աչքերով եւ անցեալ տարուան իրադարձութիւնները լաւ յիշելով։ Մենք կը գործենք բարի կամքով եւ վճռականօրէն կը պաշտպանենք մեր իրաւունքները։
Պարտաւորութիւնները պէտք է կատարուին։ Հաւասար իրաւունքները, փոխադարձ յարգանքը եւ փոխադարձ շահերը հռետորաբանութիւն չեն, այլ անհրաժեշտութիւն եւ երկարատեւ համաձայնագրի հիմք»,- նշած է ան։