Բերիոյ Հայոց Թեմի «Շողակաթ» երգչախումբի վարչութիւնը, օրերս, շնորհաւորական այցելութիւն տուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի «Շողակաթ» երգչախումբի վարչութիւնը շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։
Երգչախումբի վարչութիւնը երախտագիտական զգացումներով շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթներով։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով, գնահատեց երգչախումբի անդամուհիները, զորս անխափան կերպով իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն՝ երգեցողութեամբ ճոխացնելով Ս. Պատարագը եւ Արեւագալի ժամերգութիւնները։