Բագրատ Սրբազանի կալանքը երկարաձգուած է 2 ամիսով: Դատարանը արձանագրած է, որ նախնական դատալսումներրու փուլին պաշտպանական կողմի հնչեցուած այն միտքերը, որ ներկայացուած ապացոյցները կեղծուած են ու ֆիլթրուած հիմնական դատալսումներու եւ ապացոյցներու հետազօտման հետեւանքով կրնան պարզուիլ: Քանի դեռ ապացոյցները չեն պարզուած, դատարանը դիրքորոշում չի կրնար յայտնել ապացոյցներու հետ կապուած:
Խափանման միջոցի մասով՝ դատաւորը նշած է, որ կ՚արձանագրէ՝ մեղադրեալի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոցի հիմքերն ու պայմանները այս փուլին չեն նուազած, հետեւապէս ի զօրու չեն ապահովելու մեղադրեալի պատշաճ օրինական վարքագիծը: Այդ իսկ պատճառով մինչեւ 2026-ի ապրիլ 25-ը պիտի երկարաձգուի խափանման միջոցը:
Նշենք, որ այսօր՝ փետրուար 19-ին, կայացած էէ Բագրատ Սրբազանի եւ 17 աջակիցի գործով դատական նիստը: