Դիմադրութեան շարժումը արդէն երկրորդն գիշերն է կ'անցընէր Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով:
Նշենք, որ երէկ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած անհնազանդութեան գործողութիւններու ընթացքին ոստիկանութիւնը, բիրտ ուժ կիրառելով, բերման ենթարկած է 244 մարդ, խնչընդոտուած է նաեւ լրագրողներուն աշխատանքը:
Ընդդիմադիրները երէկ երեկոյեան Ֆրանսայի հրապարակին մէջ հանրահաւաք կատարած են, որմէ յետոյ քայլերթով շրջած են Երեւանի փողոցներուն մէջ, երթը աւարտած է Ֆրանսայի հրապարակին մէջ: