image

Փութին սպառնալից ոճով «Կը յիշենք մեր երկիր ուղարկուած զօրքերուն ճակատագիրը»

Փութին սպառնալից ոճով «Կը յիշենք մեր երկիր ուղարկուած զօրքերուն ճակատագիրը»

Ուքրանիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի հնարաւոր ռազմական միջամտութիւններու հետեւանքները ողբերգական պիտի ըլլան. այս մասին, iz.ru-ի հաղորդմամբ, փետրուար 29-ին Դաշնային ժողովին ունեցած ելոյթի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

«Անոնք սկսած են խօսիլ Ուքրանիա ՆԱԹՕ-ի զօրամիաւորումներ ուղարկելու հնարաւորութեան մասին, բայց մենք կը յիշենք անոնց ճակատագիրը, որոնք ժամանակին իրենց զօրակազմերն ուղարկած են մեր երկրի տարածքներ: Սակայն հիմա հնարաւոր միջամտողներու համար հետեւանքները շատ աւելի ողբերգական պիտի ըլլան»,- ըսած է Փութինը:

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը աւելցուցած է, որ Արեւմուտքը, ի վերջոյ, պէտք է հասկնայ, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնն ունի նաեւ զէնք, որ կրնայ խոցել իրենց տարածքին մէջ գտնուող թիրախները։

Միաժամանակ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը նշած է, որ ռուսաֆոպիան կը կուրացնէ Արեւմուտքը՝ զրկելով անոր բանականութենէ։

 

Փութին խօսեցաւ սպառազինութեանց արշաւին մասին

Արեւմուտքը կը ձգտի Ռուսիան ներքաշել սպառազինութիւններու մրցավազքի մէջ՝ կրկնելով 1980-ականներու հնարքը, որ թուլացնէ երկիրը։ Այդ մասին եւս Դաշնային ժողովին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Փութինը։

Անոր խօսքով՝ Արեւմուտքը կ՚ուզէր «Ռուսիոյ հետ ընել նոյնը, ինչ աշխարհի շատ տարածաշրջաններու մէջ, այդ շարքին՝ Ուքրանիոյ մէջ. տարաձայնութիւններ հրահրել եւ թուլացնել ներսէն, բայց չկարողացաւ»: Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի կարծիքով՝ Արեւմուտքին Ռուսիոյ փոխարէն պէտք է «կախեալ, մարող, անհետացող տարածք»:

«Արեւմուտքը կը շարունակէ ստել։ Հիմա առանց ամչնալու կը յայտարարեն, թէ, իբր, Ռուսիան մտադիր է յարձակիլ Եւրոպայի վրայ։ Անհեթեթութիւն է: Ընդ որում` իրենք կ՚ընտրեն թիրախները մեր տարածքին հարուածներ հասցնելու համար, կ՚ընտրեն, իրենց կարծիքով, առաւել արդիւնաւէտ խոցման միջոցները։ Սկսած են խօսիլ Ուքրանիա ՆԱԹՕ-ի զօրամիաւորումներ ուղարկելու հնարաւորութեան մասին»։

Ռուսիոյ ղեկավարը զգուշացուցած է, որ Ռուսիոյ դէմ յարձակում սանձազերծողներու համար հետեւանքները շատ աւելի ողբերգական պիտի ըլլան, քան նախորդ դարաշրջաններուն էր: Ռուսիա նոր ներխուժման փորձերը կը սպառնան լայնածաւալ հակամարտութեամբ` միջուկային զէնքի կիրառմամբ։

Ան միաժամանակ նշած է, որ Ռուսիոյ մէջ նոր սպառազինութիւններու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին, եւ խոստացած է, որ շուտով ատոնց մասին կը լսեն։

Անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակին՝ Փութինը նշած է. «Ռուսաստանցիներու բացարձակ մեծամասնութիւնը կ՚աջակցի յատուկ գործողութեան»: