image

Յիշելով՝ Գէորգ Գանտահարեանը

   Յիշելով՝  Գէորգ Գանտահարեանը

Յիշատակը անթառամ մեր աւագ ընկերոջ, որ նոյնիսկ այլախոհներուն բառը հասկցաւ, հասկցաւ անոնց տարբեր ըլլալու իրաւունքը եւ ամենակարեւորը, որ խօսեցաւ ու գործեց յանուն բոլորին։

 

Օրերս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցան միջոցառումներ յիշելու լիբանանահայ կեանքի  ազդեցիկ գործիչներէն՝ Գէորգ Գանտահարեանի յիշատակը։

Երկար տարիներ ուսուցչական ասպարէզին մէջ իր ուրոյն տեղն ունեցած Գէորգ Գանտահարեան ծնած էր Դամասկոս 1925-ին եւ մահկանացուն կնքեց Պէյրութի մէջ 2006-ին։

Մասնաւորապէս Պիքֆայայի «Զարեհեան» դպրեվանքին մէջ, որպէս վարժապետ, երաժիշտ եւ խմբավար յայտնի եղած Գէորգ Գանտահարեան իր ներկայութեամբ, ուրոյն մտածելակերպով եւ բոլորին կողմէ յարգուած ըլլալու հանգամանքով դարձաւ «Ամէնուն ուսուցիչ»ը։

Ուսուցիչ, որ կու գար նախ եւ առաջ կեանքէն, ուսուցիչ, որ իր անձին ընդմէջէն իր սաներուն տուաւ հոգեւոր սնունդ եւ սիրելի դարձուց նոյնիսկ ամենադժուար համարուող Գրաբարը: 

Ուսուցիչ, որուն համար գաղափարական ընկալումէն անդին ամենամղիչը դարձած էր համահայկական ելակէտը։

Նուիրուեցաւ այդ ոգիով, գործեց այդ ոգիով եւ նոյնիսկ տարակարծութիւն ունեցող կողմերը ի մի բերաւ եւ իրար քով նստեցուց այդ ոգիով։Գաղափարանուէր անհատականութիւն էր Գէորգ Գանտահարեան, որ Լիբանանը հարուածող ամենածանր ժամանակներուն իսկ չհեռացաւ պատնէշէն։

Խօսեցաւ երիտասարդութեան հետ, խրատեց, տուաւ, միտք ու հոգի մաշեցուց եւ այնպէս ըրաւ, որ իր սաները միշտ ալ յիշեն զինք, ապրին իր աւանդով եւ գործեն իր նման ու քալեն իր բացած ուղիով։

Փոքր խոնարհում մըն է այս գիրը ՝ խոնարհում այդ փոքրամարմին, բայց վեհ, մեծ բառեր չգործածող բայց էութեամբ մեծ ու ամենակարեւորը մեծ- մեծ «չջարդող» բայց մեծերու ժամանակը վկայագրող մարդուն ՝ Գէորգ Գանտահարեանին։

 

Յիշատակը անթառամ մեր աւագ ընկերոջ, որ նոյնիսկ այլախոհներուն բառը հասկցաւ, հասկցաւ անոնց տարբեր ըլլալու իրաւունքը եւ ամենակարեւորը, որ խօսեցաւ ու գործեց յանուն բոլորին։

 

Յ.Գ. Այստեղ կը տեղադրեմ  Գէորգ Գանտահարեանի յիշատակին վերջերս եղած երկու կատարումներուն տեսանիւթը, ուր լիբանանահայ խմբավար ՝ Գրիգոր Ալոզեանի ղեկավարած Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը կը կատարէ Գ. Գանատահարեանի համար այդքան սիրելի Կոմիտասի երկու գործերը։ Կատարումը տեղի ունեցած է Գանտահարեանի մահուան 15-րդ տարելիցի առթիւ, «Գոհար» երաժշտական գրադարանին մէջ։

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...