image

Յեղաշրջման վարկածին վերաբերեալ ԱՄՆ-էն յստակ դիրքորոշում ցարդ չկայ

Յեղաշրջման վարկածին վերաբերեալ ԱՄՆ-էն յստակ դիրքորոշում ցարդ չկայ

 

ԱՄՆ-ը զսպուածութեան կոչ կ'ընէ Հայաստանի բոլոր կողմերուն եւ կը կարծէ, որ զինուած ուժերը պէտք չէ միջամտեն ներքին քաղաքականութեան: Այս մասին լրագրողներու համար հերթական ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Պետական բաժանմունքի մամուլի ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսը, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը:

 

«Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ'ընենք ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ խուսափելու որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ յանգեցնել սրման, ինչպէս նաեւ խուսափիլ բռնութենէն: Մենք բոլոր կողմերուն կը յիշեցնենք ժողովրդավարութեան անսասան սկզբունքը, որ պետութեան զինուած ուժերը պէտք չէ միջամտեն ներքին քաղաքականութեան»,-ըսած է ան:

Փրայսի խօսքով՝ ԱՄՆ-ը դեռ որոշում չէ կայացուցած այն մասին, թէ արդեօք Հայաստանի մէջ իրադարձութիւնները կը համարէ յեղաշրջման փորձ թէ ոչ: