ԳԱՀԻՐԷ, «Յուսաբեր»․- Կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան, Կիրակի, Փետրուար 15ի երեկոյեան, «Յուսաբեր» ակումբին «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով բեմադրուեցաւ «Գտնուած Երազ»ը՝ մասնակցութեամբ «Սարդարապատ» պարախումբի անդամ-անդամուհիներուն, գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Մարիամ Կարապետեանը։ Բացման խօսքը կատարեց Կարին Կրպոյեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բեմ հրաւիրեց պարախումբի անդամները՝ հանդիսատեսին ներկայացնելու «Գտնուած Երազ»ը, որ Դիլաքեան եղբայրներու ստեղծագործութիւնն է եւ կը ներկայացնէ անհատին ներաշխարհը։
Այստեղ տեղին է նշել, որ մասնակցողները շատ կարճ ժամանակի ընթացքին յաջողեցան ներկաներուն փոխանցել ստեղծագործութեան իմաստը՝ «սիրոյ միջոցով կարելի է յաղթահարել մարդուն յուսահատութիւնը», իսկ երիտասարդ-երիտասարդուհիները իրենց պարով արժանացան ներկաներուն բարձր գնահատանքին։
Ապա, պարախումբին ընդհանուր պատասխանատու Գարոլին Մազլումեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սարդարապատ»ի գեղարուեստական ղեկավարին, օժանդակ յանձնախումբի տիկիններուն՝ Անի Մուրատեանին, Աննա Եանըգեանին, Լիլիթ Չիլինկիրեանին, Նորա Բարմաքեանին, Նորա Քէօնելեանին, Ընկերային ցանցի պատասխանատու երիտասարդուհիներուն՝ Նանոր Զօհրապեանին, Թանիա Մենտիճեանին, Կարին Կրպոյեանին, Սանտրա Մունիրին, Ռիթա Իսքէնտէրեանին եւ Լիլիթ Սայեանին, եւ քուլիսային աշխատանքի օգնական Ալեն Բարմաքեանին, ինչպէս նաեւ «Յուսաբեր»ի վարչութեան անդամներուն, որոնց շնորհիւ մանկական բեմադրութիւնը ծաղկեցաւ բեմին վրայ։
Ներկաները ծափողջոյններով դիմաւորեցին ծպտուող փոքրերը եւ պատանիները, որոնց մասնակցութիւնը գնահատուեցաւ ժիւրիին կողմէ․ անոնք նաեւ շնորհաւորագիրներ եւ նուէրներ ստացան «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութենէն։
Շնորհաւո՛ր Բարեկենդան, բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան։