image

«Յարուցեալ Քրիստոսը մեր միակ յոյսը». Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Տօնոյեանի Սուրբ Զատկուան պատգամը

«Յարուցեալ Քրիստոսը մեր միակ յոյսը». Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Տօնոյեանի Սուրբ Զատկուան պատգամը

Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրեան էջը հրապարակած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Տօնոյեանի Սուրբ Զատկուան պատգամը։

Ստորեւ պատգամը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.

2024 տարի առաջ՝ մարդ էակը նորոգելու, անոր կեանքը ներսէն եւ դուրսէն բարեփոխելու, զայն յաւիտենական յոյսով պատելու եւ ճշմարտութեան լոյսով հրավառելու նպատակով, Յիսուս Քրիստոս մարդացաւ ու եկաւ աշխարհ, սակայն, ցաւօք, իրենինները չընդունեցին Զինք: Եւ երբ մեր Տիրոջ երկրային կեանքի վախճանը հասաւ, Ան ճի՛շդ այս՝ Աւագ Շաբթուան օրերուն մէջ, մարդկային կեանքի իր վերջին ժամերը ապրեցաւ երկրի վրայ եւ տակաւ առ տակաւ աւելի՛ մօտեցաւ Իր մահուան դրուագին, այս մասին եղած մարգարէութիւնը դարձնելով բացարձակ ճշմարտութիւն: Ճշմարտութիւն, որ աստուածային է, երկինքէն է, ճշմարտութիւն, որ գերազանցապէս մե՛ր աշխարհին համար է, մեզմէ իւրաքանչիւրին ու մեր ներքի՛ն մարդուն համար է:

Աստուածաշունչին բացատրութեամբ, Յիսուս Քրիստոս՝ Աւագ Հինգշաբթի օր Իր ժամանակի ամէնէն անգութ չարչարանքներուն ենթարկուեցաւ, ամենաբիրտ ծեծի հարուածներուն տակ արիւնլուայ ինկաւ, ուրացուեցաւ եւ անարգուեցաւ, գլխուն փուշէ պսակ դրուեցաւ ու դառնօրէն ծաղրուեցաւ: Աւելի՛ն. ըլլալով հանդերձ Աստուծո՛յ Որդին ու աշխարհի ամէնէն անմեղ մարդը, Տէր Յիսուս արժանացաւ մահուան ամէնէն ամօթալի տեսակին՝ խաչափայտի՛ն իսկ վրայ, բայց Ան մահը տարաւ օրինակելի արժանապատուութեամբ եւ խաչափայտը վերածեց կեանքի՛ խորհրդանիշի: Իր երկրային կեանքի վերջին վայրկեաններուն՝ կիսամեռ ու գրեթէ նուաղուն, Զինք մահուան դատապարտող անգիտակից մարդկութեան համար, Ան յիսուսավայել աղերս մը փսփսաց իր Երկնաւոր Հօր. «Ներէ՛, Հայր, քանզի չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն»: Յիսուս մեռաւ, այո՛, բայց մեռաւ միայն իբրեւ մարդ: Երեք օր ետք Ան Յարութիւն առաւ իբրեւ Աստուած: Ալէ՜լուիա:

Իրականութեան մէջ, Հայր Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրն էր, որ ի կատար ածուեցաւ: Մանկուց ի վեր սորված ենք՝ թէ «Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3.16): Իսկ Հայց. Եկեղեցւոյ Ճաշու ժամամուտին մէջ կը կարդանք, թէ «Յիսուս Քրիստոս կամաւոր մահուամբ մահը զգետնեց եւ անապական Յարութեամբը աշխարհը նորոգեց»:

Այո՛, սիրելիներ: Ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօ՛ր արեւու պէս պայծառ ճշմարտութիւն է, որ յանուն մարդկութեան փրկութեան Իր Միածինը պատարագելու, այլեւ մեր բոլորին մեղքերու սրբութեան համար Իր զաւակը նահատակելու ծրագիր ունէր Ամենակալ Աստուած, գերագոյն նպատակ ունենալով՝ մեռելներէն յարութի՛ւն տալ Յիսուս Քրիստոսի, որպէսզի նորոգուի՛ աշխարհը, նորոգուի՛ մարդը եւ մենք բոլորս արժանի՛ ըլլանք մահէն կեանք անցնելու, յաւիտենական կեա՛նք ունենալու:

Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը առաջին հերթին մեզ կ՛առաջնորդէ նորոգութեան՝ հոգեւոր, ընտանեկան, ազգային, համայնքային եւ հայրենական բազմաշերտ իմաստներով: Երկնայի՛ն պատգամ է այս: Հետեւաբար, այս նորոգութի՛ւնն է, որ մենք պէտք է ապրինք, իսկ նորոգուիլ չի նշանակեր՝ նախորդը մոռնալ եւ կամ նախապէս եղած ծառայութիւնները անտեսել, այլ՝ նորոգութիւն կը նշանակէ՝ հինին, եղածին վրայ շինել ու բարձրացնել նորը, վսեմը, մաքուրն ու բարին եւ աւելի նորի՛ն ձգտիլ, միաժամանակ նոր սերունդներու զաւակներուն առիթ տալով, որ անո՛նք եւս իրենց նորոգող ներկայութիւնը նորոգելի դարձնեն՝ ընդմիշտ նորոգուող մեր կեանքին մէջ: Եւ անշուշտ նորոգուիլ՝ ապաշխարելո՛վ, նորոգուիլ՝ Յիսուս Քրիստոսը մեր կեանքին առաջնո՛րդը դաւանելով, նորոգուիլ՝ իբրեւ հայ-քրիստոնեայ ազգ ու Հայոց Եկեղեցի ու մանաւա՛նդ նորոգուիլ իբրեւ քրիստոնեայ առաջին պետութիւն ու ամենասիրելի հայրենիք՝ Հայաստա՜ն:

Յարութեան այս մեծ տօնին, այսօրինակ ուրախ ապրումներով, միշտ՝ ամենաջերմ, միշտ՝ ամենակապուած, միշտ՝ ամենամնայուն կերպով մենք կ՛ողջունենք Արարիչն Աստուած, որուն հայրական հովանիին ներքեւ՝ իբրեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան, մենք մեր ժողովուրդին ծառայութիւն բերինք անցնող 18 տարիներու ընթացքին: Իսկ ներկայիս, մեր ջերմ աղօթքն է, որ Տէրունական զօրութեամբ՝ իբրեւ եկեղեցական, մենք շարունակենք յառաջիկայի՛ն եւս անմնացորդ ծառայել մեր ազգին ու Հայ Եկեղեցւոյ:

Որդիական սիրով կ՛ողջունենք Վեհափառ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը, որուն հովուապետական հսկող նայուածքին ներքեւ՝ Հայ Եկեղեցւոյ դպրութեան խոնարհագոյն աստիճանէն մինչեւ Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսութեան ծառայական մեծագոյն կարգ հրաւիրուեցանք իր օրհնութեամբ, իր խնամքով ու իր քաջալերանքով:

Կ՛ողջունենք մեր Թեմի Հոգեւորականաց Դասը, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը, ծխական շրջանները իրենց Հոգեւոր հովիւներով, Հոգաբարձական կազմերով, Տիկնանց միութիւններով, այլեւ Սարկաւագաց դասը, երգեցիկ խումբերը, Ազգային Խնամակալ մարմինը, Ազգ. վարժարանները, անոնց մշակները, Ուսումնական խորհուրդները եւ բոլոր այն կառոյցներն ու խորհուրդները, որոնք կը գործեն Ազգ. Առաջնորդարանի երկնաւոր գմբէթի ներքեւ եւ որոնք անցնող չորս տարիներուն եղան զօրավիգ մեզի, մեր առաջնորդական ծառայութեան քառամեայ շրջանին:

Նաեւ կ՛ողջունենք Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր Միութիւններն ու Մարմինները, որոնք մնայուն կերպով օգտակար ներկայութիւն են մեր կեանքին մէջ: Առիթը յարմար նկատելով՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանէն այս պահուն ջերմագինս կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի զաւակներն ու բոլոր-բոլորին աղօթքները, այլեւ մեր անձին ու գործունէութեան նկատմամբ Ձեր ցուցաբերած գնահատանքը, անկեղծ ապրումներն ու հարազատ զգացումները, մեր թանկագին քոյրեր եւ եղբայրներ:

Սիրելի ժողովուրդ,

Անցնող չորս տարիներուն, Արեւմտեան Թեմէն ներս մենք առաջնորդական ծառայութիւն բերինք մեծ սիրով ու նուիրուածութեամբ, իսկ այսօր, Ս. Զատկուան այս մեծ տօնին, թէեւ մեր առաջնորդական քառամեայ կեանքի վերջին Պատարագն է, որ կը մատուցանենք, սակայն մենք մի՛շտ ներկայ պիտի ըլլանք Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

Մեր խնդրանքն է, որ Ձեր աղօթքներուն մէջ անպակաս ընէք ձե՛ր Թորգոմ Սրբազանը, որովհետեւ դուք ներկայութիւն էք մեր աղօթքի ու հաւատքի կեանքին մէջ: Մենք ձեզի հետ ենք, դուք՝ մեզի հետ, իսկ պաշտօնները՝ անցողիկ ու ժամանակաւոր են:

Եկէ՛ք, շարունակենք միասին քալել մեր Թեմի վերակառուցման, վերանորոգման ու վերածաղկումի այնքան սիրելի ճամբէն ու այսօրուընէ սկսեալ միասնաբար աշխատինք՝ մեր վաղուան փայլուն, քաղցր ու համեղ հունձքին, մեր ազգի առաւե՛լ բարօրութեան եւ բարգաւաճման համար:

Ու մանաւանդ՝ մեր նոր ու ընտրելի Առաջնորդին կողքին կանգնելով՝ եկէ՛ք, ձեռք-ձեռքի տալով նոր ու թարմ յաղթանակներ պարգեւենք եւ լուսաւոր նոր տեսիլքներ շնորհենք մեր շատ սիրելի Արեւմտեան Թեմին, որ կոչուած է ծառայական բազում ցնծութիւններ պարգեւելու մեր համայնքին, ազգին, Հայ Եկեղեցւոյ ու հայրենիքին:

 

Մեծ սիրով եւ խորին յարգանքով
Աղօթարար

Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ