Անտարակոյս, երբ տեղայնական թէ միջազգային, քաղաքական թէ համաշխարհային ֆոներու վրայ կը դիտենք, կը խորաչափենք, կը կշռադատենք կը քննարկենք կամ կը համեմատենք ցցուն իրողութիւններ, կը տեսնենք, թէ աշխարհը կը գտնուի ու կը տառապի բազում տագնապներէ, խռովքներէ, խուճապներէ, մղձաւանջներէ, որոնք երբեք չեն կրնար մարդկութեան շնորհել հանգստացուցիչ, հանդարտաբարոյ, գոհացնող եւ սփոփող պահեր կամ տրամադրութիւններ։
Անշուշտ, այդ բոլորը ինքնըստինքեան կամ ակամայօրէն չեն յառաջացած, ոչ ալ միջերկրային կեանքին մէջ բնական երեւոյթներ են, հետեւաբար, զանոնք այդ զարգացումներով դիտելը կամ դատելը չի կրնար բացատրելի կամ մեկնաբանելի ըլլալ, որովհետեւ անոնց պատասխաններ գտնելը նաեւ չի կրնար ճիշդ լուծումներու առաջնորդել կամ ճշգրիտ համոզումներով կողմնորոշել համամարդկութիւնը։
Պատմութիւնը, ընդհանրական պատմութիւնը, իր բիրտ ու պիրկ անցեալով, անողոք եւ անհաշտ, ոխերիմ եւ անգութ, անզիջող ու կարծրամէտ քաղաքականութիւններով, առաւել՝ յարձակողապաշտ, թշնամական, բռնապետական ու կեղիքողական ձգտումներով չէր կրնար եւ չէր ուզեր «խելօք» մնալ, այլ՝ գրգռել շրջապատը, ստրկացնել, համաձուլել, մեկուսացնել, անճիտել ու ստուերել դիմացի կողմերը, զանոնք առնելով իր սրածայր աքցաններուն ու մագիլներուն մէջ։
Պատմութիւնը այս չարամիտ ու չարաղէտ նենգութիւններով ու վայրագութիւններով ընթացած է, ինքզինք պարտադրած, սլացած եւ իր բռնահովանիին տակ առած կամ չէզոքացուցած որեւէ ընդդիմութեան մը կամ թուլապաշտութեան ենթակայ կողմ մը։
Իսկ ո՞վ կրնար զսպել կամ արգելակել որեւէ հակառակութիւն մը կամ ըմբոստութիւն մը, երբ «երկաթեայ բազուկ»ներ կը գործեն կամ կը լարուին մահացու որոգայթներով, այնքան ատեն որ մէկը միւսէն ուժեղ է կամ մէկը միւսը կրնայ ճզմել, խեղդել կամ շոգիացնել։
Պատմութիւնը ոչ միայն այսպէս ուրուագծուեցաւ ու բնորոշուեցաւ, այլեւ աւելի կոպտօրէն ինքզինք ցուցադրեց ու ցուցաբերեց… անմարդկայնութեան, անբարեխղճութեան եւ անբարեկրթութեան ահաւոր բարբարոսութիւններով։
Այսօր, երբ յետդարձ հայեացքով աչք կը նետուի այդ պատմութեան «հերոս»ականներուն եւ զանոնք առաջնորդող ու կազմակերպող ուժերուն վրայ, միայն կարելի է ՆԶՈՎՔ արձանագրել անոնց հաշուոյն, նոյնիսկ եթէ անոնցմէ ոմանք պատմութեան կը ներկայանան «հրեշտակներու ու պարիկ»ներու պիղծ սքեմներով։
Արդէն ճիշդ հոս է, որ մարդկութեան «անջիղ» կազմերը եւ անոնց դիմաց «անլոյս» բջիջները, մէկուն հզօրութեամբ ու միւսին տժգունութեամբ, ստեղծած են (եւ կը ստեղծեն) ՎԵՐԻՆ ու ՎԱՐԻ կարգերու նստավայրեր, իրենք զիրենք պարտադրելու եւ վերէն վար դիտելու եւ հարուածելու իրենց թիրախարումներու «զոհ»երը։
Սակայն, ա՛յդ պատմութիւնը ու ժամանակները ի՛նչ կը յուշեն ու կ’ապացուցանեն, որ այդ «վերնախաւ»այինները ի՜նչ ըրած են աշխարհի այն փոքր «ածու»ներուն, որոնք շատ աւելիով օգտակար ու նպաստաւոր եղած են մարդկութեան (նաեւ իրենց ծնունդներուն), քան՝ անոնք, որոնք մեծ յաւակնութիւններով ինքզինքնին նկատած են «իշխող» ու «տիրող» զանգուածներ։
Պատահական չէ, որ ներկայիս, երբ հեռաւոր ու մօտաւոր պատկերներ կը վկայաբերուին, միշտ այդ «չարագործ» փոքրերն են, որոնք այդ մեծերէն ինչե՜ր քաշած են, իսկ այդ փոքրերն ալ որքան լլկուած են։
Սակայն, այդ անհեթեթութիւններն ու ապիկարութիւնները այլեւս ընդունելի՞ ու տանելի՞ են, թէկուզ «մեծ»երուն մօտ կան նաեւ «փոքր»եր, թէ՞ պէտք է համակերպիլ այն յափշտակութիւններուն եւ այլափոխութիւններուն, որոնք կը խեղաթիւրեն պատմութիւն կամ կը ձեւափոխեն իրականութիւններ, առանց անդրադառնալու, որ մօտիկ թէ հեռաւոր պատմութիւնները չեն կերակրուիր եւ աճիր պատահականութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու պատուանդաններու բերմամբ եւ չեն դիմանար ժամանակի դաժան հոլովոյթներուն։
֍֍֍
Այս անմիջական մտորումները, որքան ալ ոմանց համար ըլլան արձանագրելի կամ նշմարելի, իրենց յետադարձ կամ յետազդեցիկ հետեւանքներով, սակայն կը յուշեն նաեւ նիւթեր, պարագաներ եւ օրինակներ, որոնք չեն կրնար նկատուիլ… «մշուշոտ», այնքան ատեն որ անոնք կան, կը շրջագային ու կը դեգերին մեր իրականութեան մէջ։
Ճիշդ է, մեր հպանցումները սկսանք եւ ընդգրկեցինք համանուն պատմութիւններու ծիրերէն ներս, որպէս սկիզբ կամ նմոյշ, սակայն մեր նպատակը ատոնց ընդմէջէն անդրադառնալն է հայ իրականութենէն ներս փրփուրներու եւ պղպջակներու այն «ալիք»ներուն, որոնց մէջ կը ծփայ հայութիւնը, իր հայաստանեան թէ սփիւռքահայ թեւերով։
Այս սկզբունքով եւ առումով, պիտի չանդրադառնամ կամ կեդրոնանամ աւելի մանրամասնութիւններու վրայ, բայց կարելի չէ լուսանցքել կամ ստուերել ա՛յն ՀՐԱՏԱՊ օրակարգերէն մէկը, որ այսօր կը տիրէ աշխարհով մէկ, ուստի ո՞վ ըսաւ, թէ հայ կեանքէն ներս ան նոյնքան կամ նուազ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ բացակայ մը չէ կամ, առնուազն, իր ներկայութիւնը այնքան ալ գոհացուցիչ ու բաւարար չէ։
Հարցին հիմնասիւնը եւ ողնաշարը հետեւեալն է, որմէ կը խուսափին, կը շրջանցեն կամ կ’անտեսեն շատ-շատեր, գիտակցուած թէ անգիտակ մօտեցումներով։
Հայկական իրականութիւններէն ներս, հայաստանեան թէ սփիւռքեան, երբ աշխարհագունդ կռուաններն ու պահանջները զիրար կը հրմշտկեն ու կոխկռտեն, ո՞ւր կը գտնուի հայութիւնը, իր զանազան դրսեւորումներով, բազմակոյտ խնդիրներով ու տարատեսակ պահոցներով։
Ասոնց պատասխանները կա՞ն, եւ եթէ կան, ուրկէ՞ կը սկսին եւ դէպի ո՞ւր կը շարունակուին, չէ՞ որ բոլոր հարցերուն լուծումները, խնդիրներուն քննարկումներն ու հարցերուն բացայայտումները կը պահանջեն համապատասխան դիրքորոշումներ, ուղղահայեաց կեցուածքներ եւ, ամենէն կարեւորը, ճակատաբաց արտայայտութիւններ։
Ասկէ ծնունդ կ’առնեն այն պահանջարկները, միջոցառումներն եւ ուղղախօսութիւնները, որոնք կրնան ցոյց տալ, թէ տուեալ հայկական գաղութները, համայնքներն ու հաւաքատեղիները ինչպէ՞ս կրնան գոյատեւել, սնանիլ եւ յարատեւել։
֍֍֍
Հայկական արդի աշխարհը, իր հայրենիքով ու սփիւռքով, հակառակ իր փոքրաթիւ աշխարհական-տարածքային, մարդկային-բնակչային «սեղմում»ներուն, այսօրուան չափանիշերով ի՞նչ կը ներկայացնէ, ո՞ւր է իր զօրութիւնը, ինչո՞վ կը բնորոշուի եւ ինչո՞վ կը յատկանշուի։
Այս հարցադրումը ունի (եւ կրնայ ունենալ) բազմաթիւ լեզուներով… թարգմանութիւններ, բայց կը մնայ հարցադրումներու-հարցադրումը, ան ունի՞
– Ղեկավարական… ղեկավարութիւն
– Ղեկավարական… առաջնորդութիւն
– Ղեկավարական… պատասխանատուութիւն
– Ղեկավարական… զգօնութիւն
– Ղեկավարական… անձնազոհութիւն
Եթէ աշխարհը, այժմ, կազմալոյծ վիճակի մը մէջ կը տապլտկի ու կը լողայ, իսկ ատիկա չոր իրականութիւն մըն է, ո՞վ ըսաւ, որ հայ իրականութիւնը այդ «ճահիճ»ին մէջ չէ, երբ կը տեսնուի որ ան ամէնուրեք, հոս ու հոն է, առանց ունենալու կամ գտնելու այն յենակէտերը, որոնց միջոցով կրնայ ոտքի մնալ եւ ինքզինք պահել, անշուշտ եթէ կարողանայ գտնել այն կողմերը, որոնց կրնայ յենիլ։
Պատասխանները այդ հարցումներուն, մեր հեռաւոր ու մասնաւորաբար մօտակայ ղեկավարները, կազմակերպիչները, տեսլապաշտները եւ իրատեսներն էին (այժմ բոլորն ալ հանգուցեալ), որոնք իրենց զօրաւոր անհատակութիւններով ու հեղինակութիւններով, ձեռնհաս կարողութիւններով ու շնորհալիութիւններով, բուխ նախաձեռնութիւններով ու տնօրինումներնով, անհատական թէ հաւաքական լիազօրութիւններով, բայց մանաւանդ՝ ազգային-գաղափարական անսահման լիցքերով, առաւել՝ հայրենասիրական ու քաղաքացիական խորհուրդներով, կրցած էին շունչ ու կեանք տալ գաղութներուն, զօրավիգ կանգնելու իրենց հայրենակիցներուն, ճոխացնելու եւ զարգացնելու իրենց շրջանակները, ազգային, միութենական, կրթական, մշակութային, մամլոյ եւ այլ հայապահպանման գործօններուն զարկ տալով, հաւատալով որ անոնց միջոցով կրնան խնամել ու կերտել հայու «բեկոր»ներուն վերածնունդի ու վերապրումի գոյատեւման փուլերը։
Այսօրուան արժեչափերով, արդեօք հայկական սփիւռքին մէջ, նոյնիսկ հայաստանեան իրականութեան մէջ, կա՞ն վերոյիշեալ բարեմասնութիւններով, նկարագրերով, տեսիլքներով, հզօրութեամբ ու շնորհներով օժտուած, ղեկավարական մակարդակներով անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց իսկական կոչումներուն կրողն են, ծառայողը ու նուիրեալը, յարգանքի ու պատիւի արժանանալով, զանոնք նկատելով յոյսի, համոզումի, ապահովութեան եւ յարատեւութեան անփոխարինելի… «նահապետ»ներ, որպէսզի դէմ-յանդիման չգտնուինք հետեւեալ մտորումներուն. «Ամլացած թէ՞ պարպուած կամ ամայացած թէ՞ անապատացած» կացութիւնները չխորտակեն հայութեան գոյերթները, զայն չնետելով անորոշութեան ու տհասութեան գիրկը։
Պէտք է ըլլալ անկեղծ. տեսնել ու զգալ իրողութիւնները աննախապաշար եւ աներկիւղ դիտարկումներով։
Պարոյր Յ. Աղպաշեան