image

Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ընդունեց լիբանանահայ երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆաեանը

 Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ընդունեց լիբանանահայ երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆաեանը

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 8 Օգոստոս 2026, Շաբաթ առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Լիբանանահայ սիրուած երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆաեանը։


Մարդասիրական զգացումներով տոգորուն արուեստագէտը, որ մի քանի օրուան այցելութեամբ քաղաքս կը գտնուէր, փափաքած էր ներկայանալ Նորին Ամենապատուութեան։ Յարգելի հիւրը տեղեկութիւններ տուաւ իր գործունէութեան եւ անդրադարձաւ համայնքիս հանդէպ ունեցած համակրանքին մասին։


Նորին Ամենապատուութիւնը, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆաեանին, իր գործունէութեանց մէջ