image

Իրանի հետ իրադրութիւնը դրական հունով զարգանայ. Թրամփ

Իրանի հետ իրադրութիւնը դրական հունով զարգանայ. Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իրանի հետ իրադրութիւնը լաւ կը զարգանայ, եւ որ Միացեալ Նահանգները ամբողջական վերահսկողութիւն ունի Հորմուզի նեղուցին նկատմամբ։ Ան այս մասին ըսած է Օհայոյէն վերադառնալու ընթացքին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին, որուն տեսանիւթը տարածած է Forbes Breaking News-ը։

«Իրանի հետ ամէն ինչ լաւ կ՚ընթանայ, պարզապէս հիանալի։ Մենք ամբողջովին կը վերահսկենք Հորմուզի նեղուցը»,– ըսած է Թրամփ՝ պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու համար ամէն ինչ հրաշալի է։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուցած է, որ չի վստահիր Իրանին, եւ անոնք որեւէ պահու կրնան բան մը ընել, որմէ ետք իրենց հարուած կը հասցուի։ Սակայն այս պահուն, Թրամփի խօսքով, Ուաշինկթըն լաւ դիրքի մէջ է։

Տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը սրած է այն բանէն ետք, երբ Յուլիսին Թրամփ յայտարարած է, որ Յունիս 18-ին Թեհրանի հետ կնքուած զինադադարի համաձայնագիրն այլեւս ուժի մէջ չէ։ Անկէ ետք ամերիկեան ուժերը շարք մը հարուածներ հասցուցած են Իրանի տարածքին մէջ գտնուող թիրախներու։

Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ յարձակումները պատասխան են Հորմուզի նեղուցով նաւարկող քաղաքացիական նաւերու դէմ իրանական յարձակումներուն։

Իրանցի զինուորականները պատասխանած են՝ հարուածներ հասցնելով Մերձաւոր Արեւելքի քանի մը երկիրներու մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններու։ Թեհրան նաեւ մեղադրած է Ուաշինկթընը Յունիս 18-ին կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրը խախտելու մէջ։