image

Ռոնալտոն՝ ամուսնացաւ

Ռոնալտոն՝ ամուսնացաւ

Քրիսթիանո Ռոնալտօ ամուսնացած է Ժորժինա Ռոտրիկեսի հետ։ Ան լուրը յայտնած է ընկերային ցանցերու իր էջին վրայ՝ հրապարակելով ամուսնական մատանիներով լուսանկար։

Ռոնալտօն եւ Ժորժինան միասին են 2016-էն ի վեր եւ ունին երկու զաւակ, սակայն փորթուկալցի ֆութպոլիստը իր սիրելիին ամուսնութեան առաջարկութիւն ըրած էր 2025-ին։

Անոնք նաեւ միասին կը մեծցնեն Ռոնալտոյի երեք զաւակները։