Միացեալ Նահանգները զէնք կը վաճառէ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն, որմէ ետք այն կրնայ մատակարարուիլ Ուքրանիոյ, յայտարարած է Թրամփը։
«Ես ատոնք Ուքրանիոյ չեմ տար, ես կու տամ Եւրոպական Միութեան։ Անոնք դրամ ունին, կը վճարեն եւ կ՚ընեն ինչ որ կ՚ուզեն, ներառեալ՝ զէնքը Ուքրանիոյ տալը», նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։