image

Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանն ու Կիպրոսի Ամերիկեան Համալսարանը՝ նոր գործակցութեան մը ուղիին վրայ

Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանն  ու Կիպրոսի Ամերիկեան Համալսարանը՝ նոր գործակցութեան մը ուղիին վրայ

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Տիար Արամ Գարատաղլեան գրառումով մը տեղեկացուցած է, որ վարժարանին եւ Կիպրոսի Ամերիկեան Համալսարանին միջեւ ստորագրուած է նոր փոխըմբռնման յուշագիր մը։

Նոր համաձայնագիրը նպատակ ունի ամրապնդելու եւ ընդլայնելու երկու հաստատութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը՝ ընդգրկելով կրթական կազմի մասնագիտական զարգացումը, վարժարանային գործունէութիւններու հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ համատեղ ակադեմական եւ կրթական նախաձեռնութիւններ։

Ստորեւ՝ այս մասին Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ- Հարպոյեան վարժարանի Տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանի ամբողջական գրառումը.

Օրերս Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան երկրորդական վարժարանի գրասենեակիս մէջ ընդունելու բարեկամս՝ Ամերիկեան Համալսարանի Կիպրոսի ընդունելութեան գրասենեակի տնօրէն պրն. Ֆրէտ Հէյքէլը։ Այս առիթով ստորագրեցինք նոր փոխըմբռնման յուշագիր մը, որ երկու հաստատութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ընթացքին նոր եւ կարեւոր քայլ մը կը հանդիսանայ։ Մեր գործակցութիւնը սկսած էր 2025-ին՝ համալսարանական կրթաթոշակներու ծրագրին միջոցով։ Նոր համաձայնագիրը կը նպաստէ այս գործակցութեան ամրապնդման եւ ընդլայնման՝ ընդգրկելով աւելի լայն բնագաւառներ, որոնց շարքին՝ կրթական կազմի մասնագիտական զարգացումը, վարժարանային գործունէութիւններու հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ համատեղ ակադեմական եւ կրթական նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի ծառայեն մեր աշակերտներուն եւ մեր վարժարանային համայնքին։ Իմ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ պրն. Ֆրէտ Հէյքէլին եւ Կիպրոսի Ամերիկեան Համալսարանի վարչութեան՝ իրենց վստահութեան համար։ Դէպի նոր եւ արժէքաւոր գործընկերութիւններ, որոնք կը նպաստեն կրթութեան զարգացման եւ մեր աշակերտներուն առջեւ նոր հորիզոններ բանալուն։