Իրաքի վարչապետ Հայտրր Ալ-Իպատի յայտարարած է, որ Մոսուլի ազատագրման գործը աւարտին հասած է եւ անոր ամբողջական ազատագրումը պիտի իրականանայ յառաջիկայ օրերուն:
Իպատի, հինգշաբթի օր, նաեւ նշած է, որ քանի մը օրէն պիտի յայտարարուի Մոսուլի Տահէշի ձեռքէն ազատագրման լուրը:
Նշենք, որ Մոսուլը երկու տարիէ ի վեր Տահէշի հսկողութեան տակ կը գտնուի: Իրաքի կառավարական զօրքերը քաղաքի ազատագրման ցամաքային գործողութիւնները սկսած են 17 հոկտեմբեր 2016-ին: