Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ խաղաղութեան պայմանագրի հարցով գնդակը Հայաստանի դաշտն է եւ պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել. այս մասին ան յայտարարած է ապրիլ 9-ին Ատրպէյճանի դիւանագիտական ակադեմիայի կազմակերպած համաժողովին, որ կը կրէ «Առերեսուելով նոր աշխարհակարգին» խորագիրը։
Անդրադառնալով Հայաստանի Սահամանադրութեան վերաբերեալ ատրպէյճանական պահանջին՝ Ալիեւ նշած է, որ այդ հարցէն [լուծումէն] ետք կրնայ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուիլ եւ ատով հանդերձ Հարաւային Կովկասի՝ համարկուած տարածաշրջան ըլլալու համար որեւէ խոչընդոտ չի մնար։
«Սակայն, եթէ իրատեսորեն խօսինք, ապա այդ չի նշանակեր, որ Հայաստանի հետ իսկոյն ընկեր պիտի դառնանք։ Այս հարցով վաղ է խօսիլ որոշակի տնտեսական համարկման մասին, սակայն փոքր քայլեր նախաձեռնելով՝ կրնանք վստահութիւն ստեղծել»,- յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ։ Ըստ անոր՝ Պաքուն վերջերս այդ ուղղութեամբ «ջանքեր գործադրած է եւ այժմ կը սպասէ Հայաստանի դիրքորոշման»։
Ալիեւ ըսած է, որ քանի մը նման նախաձեռնութիւններ Ատրպէյճանին առաջարկած են վրացի գործընկերները, եւ Պաքուն արդէն տուած է դրական պատասխան։ Այժմ կը սպասուի Երեւանի արձագանգը։ Որպէս հնարաւոր քայլեր ան նշած է լրագրողներու փոխայցելութիւնները, անդրսահմանային գետերու համատեղ քննարկումները։
Ատրպէյճանի նախագահն աւելի վաղ քանիցս հնչեցուցած է Երեւանէն ունեցած հիմնական պահանջները։ Երկու գլխաւոր պահանջները կը վերաբերին Հայաստանի Սահամանդրութեան փոփոխութեանն ու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծարման։