image

ԱՄՆ փոխնախագահն ընտանիքի հետ 4-օրեայ այցով ժամանած է Հնդկաստան

ԱՄՆ փոխնախագահն ընտանիքի հետ 4-օրեայ այցով ժամանած է Հնդկաստան

Ապրիլ 21-ին ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսն ընտանիքի հետ քառօրեայ այցով ժամանած է Հնդկաստանի մայրաքաղաք Տելի։ Այդ կապակցութեամբ քաղաքին մէջ ուժեղացուած են անվտանգութեան միջոցառումները, ճանապարհներուն վրայ կը հերթապահեն պարեկները, յայտնած է The Guardian-ը։

Վենսի այցը կը ներառէ քաղաքական բանակցութիւններ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ, ինչպէս նաեւ մշակութային յագեցած ծրագիր, որ կը ներառէ այցելութիւններ Աքսարտհամի յայտնի հինտուական տաճար, Թաճ Մահալ եւ հնդկական այլ պատմական վայրեր:

Վենսի ներկայիս այցը Հնդկաստան անոր առաջին պաշտօնական այցն է հարաւասիական հանրապետութիւն՝ որպէս ԱՄՆ փոխնախագահ: Տեղական դիտորդները կը կեդրոնանան այն փաստի վրայ, որ ԱՄՆ փոխնախագահի կինը՝ Ուշա Չիլուքուրի Վենսը, հնդիկ ներգաղթեալներու դուստր է։