image
Հրատապ լուրեր:

Խաղաղութիւն՝ հաւատացի՛նք քեզի

 Խաղաղութիւն՝ հաւատացի՛նք քեզի

Խաղաղութի՛ւն, հւատացի՛նք քեզի, բայց դուն կրաւորական ու անտարբեր դիրք բռնեցիր, երբ Լիբանանի քաղաքացին սպաննեց իր եղբօրը, չխնայեց այլ կրօնքի, կուսակցութեան, գաղափարի...զաւակին, երբ Պէյրութը կիսուեցաւ երկուքի, Լիբանանը կոտորակուեցաւ շրջաններու, օտարացան նոյն երկրի քաղաքացիները, իրարու միջեւ անցարգելներ ու «փշաթելեր» լարելով:

 

Խաղաղութիւն՝ հաւատացի՛նք քեզի, բայց դուն անխղճօրէն լքեցիր մեզ, երբ 1975- ին աննախընթաց հրթիռներուն տարափը ողողեց Լիբանանի երկինքը, երբ կրակի ու երկաթի բեկորները հնձեցին անմեղ քաղաքացիներու կեանքը, անխնայ հրկիզելով ու աւերելով բնակարաններն ու հանրային կառոյցները եւ մեծ ու փոքր վաճառատուները:Հաւատացինք քեզի, խաղաղութի՛ւն, բայց դուն դաւաճանեցիր մեզի, երբ մեր տան շէմը լքեցինք ու խուճապի սարսափով ապահով վայրեր վազեցինք: Հրթիռներուն տարափէն խառնեցինք գիշերն ու ցերեկը, քնացանք աստիճաններուն տակ, նեղլիկ խուցերու մէջ, մեր գլուխին տակ փռելով մեր ամբողջ «ունեցուածքը»՝ գաղթականի «խուրջ»ը, ուր ամփոփած կ՚ըլլայինք մեր գոյատեւման համար անհրաժեշտ պիտոյքներ՝ դեղորայք, հաց, պանիր... եւ կրակմարի ու տուն դարձի յոյսը:

Հաւատացի՛նք քեզի, խաղաղութի՛ւն, բայց դուն երես դարձուցիր մեզմէ, երբ մեր սիրտը ճմլող յուզումով հրաժեշտ տուինք մեր սիրելիներուն: Մեղադրանքով անդրադարձանք անոնց գաղթի որոշումին, որովհետեւ համոզուած էինք, որ դուն շուտով պիտի ժամանես։ Նոյնիսկ խրատեցինք անոնց ըսելով . «Մի՛ լքէք Լիբանանը, վաղը պատերազմը կը դադրի եւ ամէն բան լաւ կ՚ըլլայ»: Դժբախտաբար այդ վաղը չերեւցաւ...:

Խաղաղութի՛ւն, հաւատացի՛նք քեզի, բայց դուն չարաչար խաբեցիր մեզ, երբ ամէն անգամ նորոգեցինք մեր վնասուած բնակարաններն ու վաճառատուները, հաւատալով, որ պատերազմը աւարտած է: Ճգնեցանք ու կառուցեցինք աւելի գեղեցիկը՝ արդի սարքերովը, աչք շլացնողը, բայց կրկին ու կրկին մեր սեփականութիւնները քանդուեցան ու նորոգուելու կարիքը ունեցան: Բազմիցս մենք զմեզ համոզեցինք, ըսելով. «Նիւթական վնասը կը «դարմանուի», կարեւորը հոգիի վնաս չըլլայ»:

Հաւատացի՛նք քեզի, խաղաղութի՛ւն, բայց դուն զլացար քու դերիդ մէջ, երբ երիտասարդ մը զոհը դարձաւ արձակազէնի մը անշեղ փամփուշտի, երբ մեր սիրելի դրացին մասնատուեցաւ հրթիռով մը, երբ մեծաթիւ զոհեր ինկան լարուած ականներու պայթումով, երբ լոյս աշխարհ չտեսած մանուկ մը բզկտուեցաւ իր մօր որովայնին մէջ...: Լացինք, ողբացինք, վիրաւորները դարմանեցինք, սակայն մխիթարանքի խօսք մը չգտանք, որպէսզի սգակիր մօր մը վիշտը մեղմացնենք:

Խաղաղութի՛ւն, հւատացի՛նք քեզի, բայց դուն կրաւորական ու անտարբեր դիրք բռնեցիր, երբ Լիբանանի քաղաքացին սպաննեց իր եղբօրը, չխնայեց այլ կրօնքի, կուսակցութեան, գաղափարի...զաւակին, երբ Պէյրութը կիսուեցաւ երկուքի, Լիբանանը կոտորակուեցաւ շրջաններու, օտարացան նոյն երկրի քաղաքացիները, իրարու միջեւ անցարգելներ ու «փշաթելեր» լարելով:

Հաւատացի՛նք քեզի, խաղաղութի՛ւն, բայց դուն մեղսակից դարձար պատերազմին: Մեր կեանքէն տարիներ գողցար ու ներողամտութիւն չխնդրեցիր. կեանքեր խլեցիր ու չխղճահարուեցար: Մենք քեզի ներգրաւեցինք մեր աղօթքներուն ու շարականներուն մէջ, մոմեր վառեցինք, ուխտավայրեր այցելեցինք, քեզի առողջութեան ու երջանկութեան չափ ցանկալի համարեցինք, բայց դուն խուլ եւ կոյր ձեւացար:

Ներո՜ղ եղիր, խաղաղութիւն, դուն արդար չես եւ միայն «ուժեղներուն» կը ծառայես ։ Անոնք իրենց պատերազմը մեր հողին վրայ կը մղեն, մեր զաւակներուն արեան գնով կը սակարկեն, առեւտուր կ՚ընեն եւ շահեր կ՚ապահովեն:

Դուն մեզի յուսախաբ ըրիր, երբ 1990- ին, ճերմակ տարազով ու խաղաղութեան աղաւնիներով ներկայացար, բայց աղաւնիներդ թերացան Լիբանանի երկնակամարին վրայ ճախրելու եւ ամէնէն յարմար առիթին լքեցին ու հեռացան: Տակաւին մինչեւ օրս կը խոստանաս նոր աղաւնիներու խումբ մը ուղարկել, բայց մենք ակամայ միմիայն սեւ ագրաւներ կը դիմաւորենք: 

Ներո՛ղ եղիր, խաղաղութի՛ւն, թէեւ անցեալին կոյր սիրահարի նման կառչեցանք քեզի, անվերջ յուսալով, հաւատալով..., սակայն այսօր՝ կը հրաժարինք քեզմէ։

Տարիներու փորձառութեամբ մենք ըմբռնեցինք, որ ոչ դուն, ոչ միջազգային կազմակերպութիւնները, ոչ հեռու- մօտիկ երկիրները, կեղծ լոզունգները... մեր երկրին անդորրը կրնան վերադարձնել: Մեր միակ գրաւականը մեր կամքն է։ Մենք՝ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս պիտի զինուինք մեր անկոտրո՛ւմ կամքով, պիտի պայքարինք մեր չնահանջո՛ղ կամքով եւ պիտի յաղթենք դառն ճակատամարտները՝ մեր մշտանորո՛գ կամքով:

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...