Միացեալ Նահանգները առաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին պիտի կարողանայ հասկնալ, թէ արդեօք հնարաւոր է վերջ տալ Ուքրանիոյ հակամարտութեան. այդ մասին Փարիզի մէջ լրագրողներուն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։
«Մենք պէտք է շատ արագ որոշենք հիմա, եւ ես կը խօսիմ քանի մը օրերու մասին, թէ արդեօք այդ (հակամարտութեան կարգաւորումը-Խմբ.) հնարաւոր է առաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին, թէ ոչ: Եթէ այո, ապա մենք պիտի մասնակցինք, եթէ ոչ, ապա մենք այլ առաջնահերթութիւններու վրայ պիտի կեդրոնանանք»,-ըսած է ան:
Ռուպիոյի խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պատրաստ են օգնել լուծելու ուքրանական հակամարտութիւնը, եթէ երկու կողմերն ալ հաւատարիմ ըլլան խաղաղութեանը։
«Եթէ երկու կողմերն ալ լրջօրէն տրամադրուած են խաղաղութեան հասնելու հարցով, ապա մենք կ՚ուզենք օգնել»,- ընդգծած է ան։
Ըստ Արտաքին գործոց նախարարի՝ Միացեալ Նահանգները երեք տարի Ուքրանիոյ աջակցելէ եւ միլիառաւոր տոլարներ ծախսելէ ետք հասած է կէտի մը, երբ պէտք է կեդրոնանայ այլ խնդիրներու վրայ:
«Միացեալ Նահանգներու տեսանկիւնէ մենք երեք տարի եւ միլիառաւոր տոլարներ ծախսած ենք Ուքրանիոյ աջակցելու համար եւ այժմ հասած ենք կէտի մը, երբ պէտք է կեդրոնանանք այլ խնդիրներու վրայ», -ըսած է ան: