Հիւսիսային Քորէայի Առաջնորդ Քիմ Եոնկ Օն այս առաւօտ ըսած է, թէ իրենք յաջողութեամբ կատարած են Կորիզային փորձ մը եւ փորձարկած Պալիսթեան հրթիռներու համար նախատեսուած կորզային ռումբ մը:
Նշենք, որ աւելի վաղ Sky News կայանը այս մասին հաղորդած էր նշելով, որ այս փորձը կը հանդիսանայ այդ երկրին մէջ եղած կորիզային վեցերրորդ փորձարկումը:
Ճափոնի կառավարական մարմիններ իրենց կարգին հաղորդեցին, որ կորիզային ռումբի փորձարկումին հետեւանքով եղած են երկու «արհեստական երկրաշարժներ», որոնք կեդրոնը կը գտնուի Բիոնկ Եանկի կորիզային մէկ կայանին մօտ: