image

Վստահութեան փլուզում. Կամ արաբները այլեւս պատրաստ չեն Իսրայէլի հետ երկխօսութեան

Վստահութեան փլուզում. Կամ  արաբները   այլեւս պատրաստ չեն Իսրայէլի հետ երկխօսութեան

Այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ կը շարունակէ զանազան հարթակներու վրայ խօսակցութեան նիւթ դառնալ այն հարցը, թէ այսօրուան դրոյթով եւ յատկապէս Կազզէի արիւնալի պատերազմին զուգահեռ՝ արաբները որքա՞ն պատրաստ են երկխօսութեան հաստատել Իսրայէլի հետ։ Իսկ այդ պարագային ե՞րբ կը տիրէ փոխադարձ անվստահութեան եւ նոյնիսկ ատելավառ մթնոլորտ մը։ Ամերիկեան մամուլը, որ խոշորացոյցով կը դիտարկէ Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր պատկերը, վերջերս կարեւոր տեղ տուած է Իսրայէլ-Արաբական աշխարհ յարաբերութիւններուն։ Այդ առումով ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակած է ամերիկեան «The New York Times»ը, որու մէջ շեշտուած է, թէ Կազզէի վրայ Իսրայէլի յարձակման ամբողջ ընթացքին ԱՄԷ պահպանած է իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, սակայն այդ յարաբերութիւնները ճնշման տակ են, որովհետեւ Իսրայէլի դէմ զայրոյթը կը մեծնայ:

 

 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հիմնական ձեռքբերումը կը համարուէր «Աբրահամի համաձայնութիւն»ը, որ կնքուած էր Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) միջեւ։ Թրամփ կարեւոր ճիգեր գործադրեց՝ իրականութիւն դարձնելու համար այդ համաձայնութեան կնքուիլը, ունէր հեռահար նպատակներ եւ այդ ծրագրին հիմնական առանցքը կը կազմէր Իսրայէլ-Սէուտական Արաբիա համաձայնագիր մը պատրաստելը։

Արաբական աշխարհի տնտեսական ուժը իրենց ձեռքին դերակատարները՝ գլխաւորութեամբ սէուտցիներու, իմարաթցիներու, պահրէյնցիներու եւ քուէյթցիներու, մնացեալ տէրութիւններուն քաղաքական ճակատագիրը եւ տեսակէտը արտայայտող վերնախաւերուն երկար ժամանակէ ի վեր յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տային եւ, կարծէք, տեղ մը հասած էին այն համոզման, թէ պարտաւոր են ամէն ինչ ընել ո՛չ միայն հեռանալու Պաղեստինի խնդրէն, այլ կերպով մըն ալ լեզու գտնելու Իսրայէլի հետ։ Ի հարկէ, այդ ենթափուլը բոլորովին տարբեր էր՝ խնդիրներով, բարդութիւններով, նաեւ թիրախներով։

Վերոնշեալ արաբական տէրութիւնները նոյնիսկ ներկայիս աշխարհի տնտեսութեան մէջ ուրոյն դիրք ունին, արդէն իսկ համոզուած են, որ այլեւս պարտաւոր են փոխել իրենց ընկալումները։ Անոնք նախկինին նման պատրաստ չեն «սուրբ պատերազմներ»ու մէջ մտնել յանուն պաղեստինցիներուն։ Աւելին՝ արաբներուն համար եւ ի տարբերութիւն անցեալի իրավիճակներուն, Պաղեստինի դատը չունի նախկին ընկալումը։ Այդ ընկալումը ո՛չ միայն բովանդակութենէ զրկուած է, այլեւ ինչ-որ չափով արաբական աշխարհի մտքի կեդրոններուն եւ կարծիք պատրաստող հանրութեան մօտ առկայ է որոշ անվստահութիւն՝ մասնաւորապէս պաղեստինցիներուն հանդէպ։ Խնդիրը կապ չունի միայն «Համաս»ի եւ անոր ռազմաշունչ ընկալումներուն հետ, այլ անմիջականօրէն կապուած է Պաղեստինի հանդէպ ստեղծուած անհաւատութեան հետ, ինչ որ ձեւով մը առընչուած է նաեւ երկրի ներքին հարցերուն։

Երկար տարիներ ԱՄԷ, Սէուտական Արաբիա, Պահրէյն եւ Քուէյթ մեծ գումարներ յատկացուցին յանուն Պաղեստինի խնդրին։ Երկար տարիներու նուիրումին ու հաւատքին դիմաց, սակայն, անոնք չստացան իրենց ակնկալածը։ Աւելին՝ շատ կարճ ժամանակի մը մէջ «Համաս» յանձն առաւ մասնաւորապէս Կազզէի ղեկը ու դարձաւ Պաղեստինի խնդրի հիմնական դերակատարը։ Ճիշդ է, որ «Համաս» փորձեց իր կապը պահպանել ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ, բայց եւ այնպէս, աւելի քան ակնյայտ էր, որ «Համաս»ի քաղաքական խոհանոցին մէջ հիմնական թելադրողը եղաւ Քաթարը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ իր կարծիքը եւ տեսակէտը պարտադրել համապաղեստինեան գետնին վրայ։

Իբր այդ նկատելի դարձաւ, որ Պաղեստինի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Մահմուտ Ապպասի, ամէն առթիւ կը շարունակեն կորսնցնել իրենց հեղինակութիւնը եւ հանդէս գալ բաւական թոյլ դիրքերէ։ Այնուամենայնիւ, «Համաս» շարունակեց մնալ կայուն եւ ամուր կառոյց մը, որու ռազմաքաղաքական ներուժը կերպով մը զայն տիրական դարձուց եւ դրաւ առաջնորդողի դերին մէջ։

Այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ կը շարունակէ զանազան հարթակներու վրայ խօսակցութեան նիւթ դառնալ այն հարցը, թէ այսօրուան դրոյթով եւ յատկապէս Կազզէի արիւնալի պատերազմին զուգահեռ՝ արաբները որքա՞ն պատրաստ են երկխօսութեան հաստատել Իսրայէլի հետ։ Իսկ այդ պարագային ե՞րբ կը տիրէ փոխադարձ անվստահութեան եւ նոյնիսկ ատելավառ մթնոլորտ մը։ Ամերիկեան մամուլը, որ խոշորացոյցով կը դիտարկէ Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր պատկերը, վերջերս կարեւոր տեղ տուած է Իսրայէլ-Արաբական աշխարհ յարաբերութիւններուն։ Այդ առումով ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակած է ամերիկեան «The New York Times»ը, որու մէջ շեշտուած է, թէ Կազզէի վրայ Իսրայէլի յարձակման ամբողջ ընթացքին ԱՄԷ պահպանած է իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, սակայն այդ յարաբերութիւնները ճնշման տակ են, որովհետեւ Իսրայէլի դէմ զայրոյթը կը մեծնայ:

Ընդամէնը քանի մը տարի առաջ ԱՄԷ-ի բազում քաղաքացիներ ջերմօրէն կը խօսէին Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու զարգացման մասին, սակայն այժմ, երբ Կազզէն ամիսներէ ի վեր կը ռմբակոծուի, դժուար դարձած է նոյն համոզումը պահպանել Թել Աւիւի հետ բնականոնացման գործընթացի պարագային։

ԱՄԷ-էն գործարար մը, որ անցեալին քաջալերած էր Իսրայէլի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները, ըսած է, որ ինք այժմ լքած է իմարաթա-իսրայէլեան գործարար խորհուրդը եւ այլ ըսելիք չունի։ Նմանապէս որոշ իմարաթցիներ հիասթափուած են Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրէն, սակայն անոնք կը վախնան հրապարակայնօրէն խօսելէ։

Իսրայէլի եւ անոր գլխաւոր դաշնակցին՝ ԱՄՆ-ի դէմ զայրոյթը կտրուկ սրեցաւ արաբական աշխարհին մէջ՝ Կազզէի պատերազմին պատճառով, որ որոշ արաբական երկիրները դրդեց վերատեսութեան ենթարկելու իրենց յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ։

Պատերազմի հետեւանքով յառաջացած դիւանագիտական ​տագնապը ԱՄԷ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունն ու հիւպատոսութիւնը դարձուցած է արաբական աշխարհի միակ լիարժէք գործող դիւանագիտական ​​ներկայացուցչութիւնը։ Կառավարութեան պատկանող խումբ մը օդային ընկերութիւններ դադրեցուցած են դէպի Իսրայէլ թռիչքները։ Տուպայի հետազօտական ​​կեդրոնի ղեկավար Մուհամմէտ Պահարու ըսաւ. «Պատերազմի ներկայ ընթացքը լաւ բան չի յուշեր համաձայնագրերու կամ Մերձաւոր Արեւելքի անվտանգութեան համար»։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ սա գործընկերութիւն է եւ եթէ գործընկերներէն մէկը իր պարտականութիւններուն մէջ կը թերանայ, ուրեմն այլեւս գործընկերութիւն չի մնար: Սակայն, հակառակ ճնշումներուն, ԱՄԷ-ի պաշտօնեաները մտադիր չեն խզել յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ եւ վերլուծաբանները չեն ակնկալեր, որ Ապու Տապին դուրս գայ բնականոնացման համաձայնագիրէն, քանի որ այդ կը շարունակէ մնալ դիւանագիտական ​​փրկութիւն Թել Աւիւի համար։ Մինչդեռ Իսրայէլի յարաբերութիւնները կը վատթարանան արաբական այլ երկիրներու հետ: Երկու կողմի տեսակէտէ, այնուամենայնիւ, նոյնիսկ եթէ պայմանագրերու գոյութիւնը վտանգուած չէ, սակայն յարաբերութիւններու ապագան հեռու է որոշ ըլլալէ։

«Աբրահամի համաձայնագրի ռոմանթիք փուլը ձեւով մը խամրած է եւ մենք այժմ մտած ենք իրատեսական փուլ եւ սա դիւրին պիտի չըլլայ», ըսած է «Tech Zone»ի համահիմնադիր Նոա Կասթֆրէունտ, որ կը միաւորէ ԱՄԷ-էն եւ Իսրայէլէն արհեստագիտական ոլորտի ձեռներէցներ եւ ներդրողներ։

Իմարաթցիներէն շատեր հրաժարեցան խօսելէ Կազզէի վրայ յարձակման կամ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու մասին։ Բայց քսան տարեկան երիտասարդ մը համաձայնեցաւ խօսիլ՝ պայմանաւ, որ զինք ներկայացնեն իր երկրորդ անունով՝ Սալեմ: Զզուանքի իր աճող զգացումը նկարագրեց Սալեմ, որովհետեւ ինք կը վայելէր յարմարաւէտ կեանքը՝ փայլուն երկնաքերերու եւ սրճարաններու մէջ, մինչ Կազզէէն կը հասնէին մահուան եւ աւերածութիւններու պատկերներ: Ան ըսաւ. «Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները հիասթափեցնող էին՝ մանաւանդ, որ ես եւ բազմաթիւ իմարաթցիներ մեծցած ենք՝ պաղեստինցիները համարելով մեր եղբայրները եւ մենք պէտք է պաշտպանենք զիրենք։ Այժմ, կը կարծեմ, թէ «Աբրահամի համաձայնագիր»ները փորձ էին շահելու ԱՄԷ-ի արեւմտեան դաշնակիցներու աջակցութիւնը եւ սա ինծի զգալ տուաւ, որ կարծես իմ երկրիս արժէքները կը վաճառուին»:

Այս ծիրէն ներս, ընկերաբանական հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ յարձակումէն առաջ բնականոնեցման համաձայնագիրներու նկատմամբ իմարաթցիներու տեսակէտը աւելի մութ էին: Ըստ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեան Ուաշինկթընի հիմնարկին, մինչեւ 2022 թուականի նոյեմբերը, ԱՄԷ-էն հարցախոյզի մասնակիցներու 71 տոկոսը ըսած է, որ համաձայնագրերը բացասական ազդեցութիւն ունեցած են իրենց տարածաշրջանին վրայ:

Սագօ Արեան

Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...