ԱՄՆ նախագահի՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Ճէյք Սալիվանը յայտարարած է, որ Ռուսաստանի՝ Ուքրանիա ռազմական ներխուժման սպառնալիքը մեծ է:
Սալիվանի խօսքով՝ ԱՄՆ հետախուզական միութիւնը տակաւին վերջնական եզրակացութեան չէ եկած՝ կապուած Մոսկուայի մտադրութիւններուն հետ:
«Որոշակիօրէն, գործերը այնպէս դասաւորուած են, որ ռազմական ներխուժման վտանգը կը շարունակէ բարձր ըլլալ», ըսած Սալիվանը:
Անոր կարծիքով՝ եւրոպական անվտանգութեան խնդիրները դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու հաւանականութիւնը կը պահպանուի: Միեւնոյն ժամանակ ան պառնացած է, որ ԱՄՆ-ն պիտի ուժեղացնէ ՆԱԹՕ-ի արեւելեան թեւի իր ռազմական ուժերը Ռուսաստանի կողմէ Ուքրանիա ներխուժման պարագային:
«Մենք յստակ յայտարարած ենք, ինչպէս անմիջականօրէն Ռուսաստանին, այնպէս ալ հրապարակաւ, այլ տարբերակներու մասին, եւ անոնք կը ներառեն ռազմական ներուժի փոփոխութիւն, որոնք ՆԱԹՕ-ն եւ ԱՄՆ-ն պիտի տեղակայեն արեւելեան թեւին գտնուող դաշնակիցներուն համար՝ ուժեղացնելու եւ ամրապնդելու դաշնակիցներու տարածքին մէջ անոնց պաշտպանութեան յուսալիութիւնը», յաւելած է Սալիվանը: