image

Ուքրանիոյ շուրջ իրավիճակի կարգաւորման դիւանագիտական ճանապարհը բաց է. Պլինքըն

Ուքրանիոյ շուրջ իրավիճակի կարգաւորման դիւանագիտական ճանապարհը բաց է. Պլինքըն

Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման դիւանագիտական ճանապարհը բաց է, ԱՄՆ Ռուսաստանին կոչ կ'ընէ շարժելու լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ: Այդ մասին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը՝ կայացած հեռախօսազրոյցի ժամանակ:

«Ես հասկցուցի, ինչպէս նախագահ Պայտընը նախագահ Փութինի հետ զրոյցին, որ այս ճգնաժամը լուծելու դիւանագիտական ճանապարհը կը մնայ բաց», ըսած է Պլինքըն համաժողովի ժամանակ` յաւելելով, որ Մոսկուան պէտք է զբաղի ապապագլցողական քայլերով, ոչ թէ հակառակը, եւ «ոչ միայն պէտք է խօսի իրավիճակէն դիւանագիտական ելքի ձգտելու մասին, այլ իսկապէս աշխատի անոր վրայ»:

«Մեր զրոյցի ընթացքին նախարար Լաւրովը ըսաւ, որ ռուսական կողմը կ'աշխատի այն փաստաթուղթի պատասխանին վրայ, որ մենք ուղարկած ենք Մոսկուա աւելի քան երկու շաբաթ առաջ, եւ ուր մենք առաջարկած ենք քննարկման ճշգրիտ ոլորտներ», ըսած է Պլինքըն:

Անոր խօսքով` ռուսական կողմի պատասխանը ստանալէ յետոյ ԱՄՆ պատրաստ պիտի ըլլայ համագործակցելու դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ միասին: