image

Փերուն խզած է դիւանագիտական յարաբերութիւններն Իրանի հետ

Փերուն խզած է դիւանագիտական յարաբերութիւններն Իրանի հետ

 

Փերուի կառավարութիւնը որոշած է խզել դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իրանի հետ։ Այս մասին յայտնած է երկրի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ մեղադրելով Իսլամական Հանրապետութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ «հակամարտութիւնները սրելու» համար։

«Փերուի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշում ընդունած է խզելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Գերատեսչութիւնը պարզաբանած է, որ այս քայլը, մասնաւորաբար, կապուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հորմուզի նեղուցին մէջ Իրանի գործողութիւններուն, միջուկային կառոյցներ Աթոմական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան մուտքի սահմանափակման, «խաղաղ ցոյցերու ճնշման, մամուլի ազատութեան սահմանափակումներուն, կիներու եւ աղջիկներու նկատմամբ խտրականութեան, քաղաքական ընդդիմադիրներու ճնշման հետ»։

Փերուի ԱԳՆ-ն միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու որոշումը պիտի չյանգեցնէ հիւպատոսական յարաբերութիւններու խզման։