image

Ուքրանիոյ ՆԱԹՕ-ին անդամակցիլը իրատեսական չէ. Բենթակոնի ղեկավար

Ուքրանիոյ ՆԱԹՕ-ին անդամակցիլը իրատեսական չէ. Բենթակոնի ղեկավար

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթը յայտարարած է, որ վերադարձն Ուքրանիոյ նախքան 2014-ը գոյութիւն ունեցած սահմաններուն անիրատեսական է, գրած է Reuters-ը:

«Մենք ալ ձեզի նման կ՚ուզենք տեսնել ինքնիշխան եւ բարգաւաճող Ուքրանիա: Բայց պէտք է սկսինք ընդունիլ, որ վերադարձն Ուքրանիոյ նախքան 2014-ը գոյութիւն ունեցած սահմաններուն անիրատեսական է: Այդ պատրանքային նպատակը հետապնդելը միայն պիտի երկարաձգէ պատերազմը եւ աւելի շատ տառապանք պիտի բերէ», -ըսած է ան:

Հեկսեթն այս մասին ըսած է Պրիւքսէլի մէջ ՆԱԹՕ-ի շտաբ-բնակարանին մէջ Ուքրանիոյ ռազմական դաշնակիցներու հանդիպման ժամանակ: Ուքրանիոյ վերաբերեալ անոր խօսքերը կտրուկ կը տարբերին Ճօ Պայտընի վարչակազմի եւ Ուքրանիոյ շատ մերձաւոր դաշնակիցներու դիրքորոշումէն առ այն, որ անոնք կ՚աջակցին Քիեւին այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է՝ միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով տարածքային ամբողջականութեան կարեւորութիւնը:

Հեկսեթի մեկնաբանութիւնները կ՚ենթադրեն, որ Քիեւը պէտք է հրաժարի իր հիմնական պատերազմական նպատակներէն՝ Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու վերադարձէն եւ ապագայ յարձակումներէն պաշտպանուելու նպատակով ՆԱԹՕ-ին անդամակցելէն:

«Միացեալ Նահանգները չի հաւատար, որ ՆԱԹՕ-ին Ուքրանիոյ անդամակցութիւնը կրնայ ըլլալ բանակցային գործընթացի միջոցով կարգաւորման իրատեսական արդիւնք: Փոխարէնը որեւէ անվտանգութեան երաշխիքի ետին պէտք է կանգնած ըլլան եւրոպական եւ ոչ եւրոպական ունակ զօրքերը», - ընդգծած է ան:

Փենթակոնի ղեկավարի խօսքով՝ որեւէ կայուն խաղաղութիւն պէտք է ներառէ «անվտանգութեան ամուր երաշխիքներ՝ ապահովելու, որ պատերազմը նորէն չսկսի»: Բայց Հեկսեթը նշած է, որ ամերիկեան զօրքերը պիտի չտեղակայուին Ուքրանիոյ մէջ՝ որպէս այդպիսի երաշխիքներու մաս. փոխարէնը, անվտանգութեան երաշխիքները պէտք է ապահովեն «ունակ եւրոպական եւ ոչ եւրոպական զօրքերը»։

«Եթէ այդ զօրքերը որպէս խաղաղապահներ տեղակայուին Ուքրանիոյ մէջ որեւէ պահի, ապա ատոնք պէտք է տեղակայուին որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ չհանդիսացող առաքելութեան մաս եւ ատոնց վրայ պէտք չէ տարածուի 5-րդ յօդուածը», -ըսած է ան՝ նկատի ունենալով ՆԱԹՕ-ի կանոնադրութեան փոխադարձ պաշտպանութեան դրոյթը։

Reuters-ը կը յիշեցնէ, որ Ռուսիան 2014-ի մարտին Ուքրանիոյ Խրիմ սեւծովեան թերակղզին ներառած է իր կազմին մէջ, այնուհետեւ Ուքրանիոյ արեւելեան Տոնպասի շրջանին մէջ աջակցած է ռուսամէտ անջատողականներուն Ուքրանիոյ դէմ զինուած ապստամբութեան ժամանակ: Ներկայիս Մոսկուան կը վերահսկէ Ուքրանիոյ տարածքի մօտ 20%-ին վրայ, հիմնական՝ արեւելքի եւ հարաւի մէջ։