Սթրասպուրկի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալեն Պերսէի հետ։
Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը ողջունած է վարչապետի այցը Սթրասպուրկ եւ ընդգծած Եւրոպայի խորհուրդի ու Հայաստանի Կառավարութեան միջեւ ձեւաւորուած աշխուժ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան փաստը։ Ալեն Պերսէի խօսքով՝ այդ համագործակցութիւնը նպաստած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կառուցային բարեփոխումներու առաջմղման բոլոր ուղղութիւններով։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ երկկողմ համագործակցութեան շրջածիրէն ներս նախատեսուած ծրագիրները հետագային եւս յաջողութեամբ պիտի իրականացուին։
Վարչապետ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ այս այցը՝ 2019 թուականի առաջին այցէն վեց տարի անց, տեղի կ՚ունենայ կարեւոր ժամանակահատուածի ընթացքին։ Վարչապետի խօսքով՝ Հայաստանը յաղթահարելով վերջին հինգ տարիներու բարդ մարտահրաւէրները, կը գտնուի իր զարգացման շրջադարձային կէտին վրայ։ Ան ընդգծած է, որ Հայաստանը Եւրոպայի խորհուրդը կը համարէ ժողովրդավարական զարգացման ռազմավարական գործընկեր եւ կարեւորած է կառոյցի դերակատարութիւնը ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման գործին մէջ։
Կողմերը բարձր գնահատած են Հայաստան–Եւրոպայի խորհուրդ համագործակցութեան գործողութիւններու արդիւնաւէտ իրականացման փաստը, ինչպէս նաեւ քննարկած երկկողմ օրակարգային հարցեր՝ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ընթացքին։
Ալեն Պերսէն ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճնի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը եւ յոյս յայտնած, որ խաղաղութեան հաստատմամբ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած նոր իրողութիւնը տարածաշրջանին մէջ պիտի բանայ զարգացման լայն հնարաւորութիւններ։