Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգի հարաւը 2 փոքր ինքնաթիռ բախած են, որու հետեւանքով զոհուած է 2 մարդ, յայտնած է golosameriki.com-ը:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու Փոխադրութեան անվտանգութեան ազգային խորհուրդի՝ Cessna 172 եւ Lancair 360 MK II օդանաւերէն իւրաքանչիւրին մէջ եղած է 2 մարդ: Բախումէն ետք Cessna 172-ը կարողացած է անվտանգ վայրէջք կատարել, իսկ Lancair 360 MK II-ը թռիչքուղիի մօտ ինկած է գետին եւ բռնկած։
Զոհուածներէն երկուքը եղած են նոյն օդանաւին մէջ։